Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Իսկական Ոճրագործը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Վերջերս, Իրաքի մէջ Տաէշի կրած շարք մը պարտութիւններէ ետք, տեսանիւթ մը վիրուսային կերպով շրջագայեց համացանցի էջերուն վրայ: Մարմնաքողով կին մը, կուրծքին սղմած երեխայով դէպի իրաքեան զօրքերը կը վազէր, որպէս թէ կը փախչէր Տաէշի ժանիքներէն, իրաքեան զօրքերու մօտ ապահով ապաստանարան գտնելու ջանքով: Այս կինը իր երեխային կողքին շալկած էր պայթուցիկ նիւթերով լեցուն պայուսակ մը: Հազիւ զինուորներու շարքերէն ներս մխրճուած, ինքզինք կը պայթեցնէ իր գրկած երեխային կողքին, շատ մը ուրիշ զոհեր իրեն հետ խլելով: Այս անմարդկային ոճիրը կու գայ միանալու այն տասնեակ ոճիրներու, զորս ամէն օր կը լսենք եւ կը կարդանք Միջին Արեւելքի մէջ գոյացած խելայեղ պատերազմներու ընթացքին: Նման դէպք մը տեսնել եւ զայն «անմարդկային ոճիր» որակել, դիւրին է: Բայց ինչ որ աննկատելի է շատերու կողմէ, թէ այս կինը իր արարքով ոչ թէ միայն մարդիկ սպանեց, այլեւ մարդկային հոգին սպանեց, «վստահութիւն»ը հարուածելով: Յետ այդ ամէն անգամ, որ զինուորներ նման պատահարի մը դիմաց գտնեն իրենք զիրենք, պիտի չվստահին իրենց աչքերուն տեսածին, թէկուզ եւ օգնութիւն պահանջող իսկական դէպք մը ըլլայ:

Դիւրին է վերոյիշեալ դէպքի «հերոս» կին ահաբեկիչ, կամ ոճրագործ որակել: Բայց արդեօք իւրաքանչիւրիս մէջ նման «հերոսութեան» հոգին չկա՞յ: Իւրաքանչիւրս բարոյականութեան «երեխան» սղմած մեր կուրծքին զայն եւ մեր շուրջինները կը սպանենք, առանց նոյնիսկ տատամսելու: Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ «նեխած» է եւ զայն այդ վիճակի հասցնողը մենք ենք: Կը թափենք մեր անբարոյութեան «աղբեր»ը մեր տուներու առջեւ, եւ ապա կը գանգատինք, թէ ինչու աշխարհը ապականած դարձած է: Այո, մեր առօրեան լեցուն է մարդոցմով, որոնք ականալարուած պայթակ գօտիներ հագած են, եւ զայն պայթեցնելով կը սպանենք մարդկութեան մէջ արժէքներու եւ սկզբունքներու հոգին: Քանի-քանի անգամներ մեր գործատեղերուն մէջ, հազարումէկ սուտեր խօսելով մեր ապականած արտադրութիւնը կը ծախենք, զայն բարձրորակ կոչելով: Եւ յաճախորդները, մեր գործածած «սկզբունք»ին հետեւելով իրենց յաճախորդներուն կը խաբեն, եւ այսպիսով մեր իսկ հնարած եւ ծախած «սկզբունքը» ձիւնագնդիկի նման կը թաւալի, մինչեւ որ օր մը վերստին մեզ գտնէ:

Օրինակի համար դէպք մը պատմեմ, որ հետս պատահեցաւ: Բարեկամիս հետ շապկագործ դերձակի մը գացինք, որպէս զի անոր շապիկ մը կարել տանք: Չափերը առնելէն ետք, շապկագործը մեզ իր գրասենեակը հրաւիրեց սուրճ խմելու համար: Մինչ կը խօսակցէինք, գործատան ընդհանուր պատասխանատուն ներս մտաւ յայտնելու համար, որ հարիւր շապիկներ սխալ կարուած են: «Լաւ մը արդուկեցէք եւ ապա փաթեթաւորելով վաճառականին ուղարկեցէք» ըսաւ գործատէրը այնպիսի ոճով մը, որ ցոյց կու տար թէ այդ արարքը սովորական քայլ մըն էր իրենց համար: Տրամաբանութեան սովորական գծով վաճառականը իր կարգին ստելով ապրանքը պիտի ծախէ տեղական շուկային: Եւ այսպէս խաբեբայութեան ընթացքը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ան վերադառնայ իր մեկնակէտին: «Ինչ որ ցանենք, զայն պիտի հնձենք» կ’ըսէ առածը: Հարցը միեւնոյնն է մեր առօրեայ յարաբերութիւններուն եւ հաստատութիւններու մէջ: Նման վերոյիշեալ կնկան, մենք ալ մեր կրծքերուն սղմած բարոյականութեան «երեխան» կը սպանենք զայն եւ մեր շրջանակը եւ ապա կը զարմանանք, թէ ինչու աշխարհը հասաւ անբարոյութեան ստորին մակարդակներուն: Ահաբեկիչ կինը մի քանի անձեր սպանեց. մինչ առաքինութիւնն ու սկզբունքները հարուածողը սերունդներ կը սպաննէ: Արդեօք ո՞վ է իսկական ոճրագործը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին