Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 7-րդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2017թ.  ծրագիրի 7-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ծրագիրի 7-րդ փուլին կը մասնակցի 72 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ աշխարհի 13 երկրէ` Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Ուքրանիայէն, Թուրքմէնստանէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Քուէթէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Պելճիգայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն եւ Հունգարիայէն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան արիտունցիներուն  փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի տղաներ եւ աղջիկներ, բարով էք եկել Հայաստան, բարով էք եկել Հայրենիք, բարով էք եկել տուն: Ուրախ եմ, որ ծրագրի շրջանակներում վայելելու էք Հայրենիքը, լինելու էք տեսարժան վայրերում:  Եւ ամենակարեւորը` մասնակցելու եք  հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներին: Պէտք է սովորէք հայերէն, խօսէք հայերէն, որ պահէք ձեր լեզուն ու ինքնութիւնը: Ձեր տունը Հայաստանն է, եւ ուշ թէ շուտ վերադառնալու էք Հայրենիք: Բարով էք եկել»:

Արիտունցիները շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարին, ծրագիրի կազմակերպիչներուն` Հայրենիք այցելելու, հայերէն սորվելու, հասակակիցներուն հետ շփուելու հիանալի հնարաւորութեան համար: Ելոյթ ունեցան տարբեր երկիրներէ ծրագիրին մասնակցելու եկած երեխաները, ասմունքեցին ու երգեցին, այնուհետեւ շուրջպար բռնեցին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին