ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ, Ջերմուկ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին՝ քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու շրջագիծին մէջ ըստ ոլորտներու իրականացուած քայլերու ընթացիկ արդիւնքներն ու յետագայ ընելիքները:
Ներկայացնելով Վայոց Ձորի մարզի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ հիմնական ցուցանիշները` մարզպետ Յարութիւն Սարգսեան նշած է, որ հանրապետութեան համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշին մէջ մարզի մասնաբաժինը կը կազմէ 1,2 առ հարիւրը:
Վարչապետի յանձնարարականին հիման վրայ՝ Վայոց Ձորի մարզէն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն ներկայացուած է 20 ներդրումային ծրագիր` 2 միլիառ 384 միլիոն դրամ արժէքով: Կառավարութեան համաձայնութեան արժանացած է 8 ծրագիր` 1 միլիառ 616 միլիոն դրամ արժողութեամբ:
Մարզի զարգացման ներուժ ունեցող մարզերէն են նաեւ հանքարդիւնաբերութիւնն ու ուժանիւթը: Բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրներու լուծման հարցով կարեւոր նշանակութիւն ունի «Ամուլսար»-ի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը, որուն շրջագիծին մէջ 2017-2018 տարիներուն պիտի ներդրուի 370 միլիոն տոլար, պիտի ստեղծուի 1300 աշխատատեղ: Այժմ հանքավայրին մէջ կ՛աշխատի 730 հոգի, որոնցմէ 350-ը մարզի բնակիչներն են:
Զեկուցուած է, որ «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Մայիս 27-ին մարզը մասնակցած է համապետական շաբաթօրեակին, 129 աղբավայրերէն 112-ը փակուած են: Կազմուած է 4 աղբավայրի ամբողջական վերացման ծրագիրը, աշխատանք կը տարուի գործող 13 աղբավայրերէն եւս 6-ին փակման ուղղութեամբ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է տարբեր ծառայութիւններու մատուցման գործառոյթներուն մէջ, ներառեալ` աղբահանութիւնը` սեփական մարզը ներգրաւելու հարցը եւ նշած, որ ատիկա որակական փոփոխութիւն կը բերէ:
Այնուհետեւ Վայոց Ձորի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, փոքր եւ միջին գործառոյթներու, զբօսաշրջութեան զարգացման մարզերու պատասխանատուները զեկուցած են այդ մարզերուն մէջ կատարուած եւ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:
Կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերու պատասխանատուները զեկուցած են, որ աշխատանքներ կը կատարուին սեղմումներու ուղղութեամբ: Ծրագիրները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: «Մենք ունինք միջոցները արդիւնաւէտ ծախսելու բաւական մեծ ներուժ: Մեր թիւ մէկ հարցը ոչ թէ գումարներու տնտեսումն է, այլ մեր զաւակներուն ժամանակակից, առաւելագոյնս լաւագոյն կրթութիւն տրամադրելը: Եթէ մենք կ՛ուզենք ունենալ լաւ պետութիւն, ապա այսօր, վաղը կամ միւս օրը մեր զաւակներուն պէտք է տրամադրենք լաւագոյն կրթութիւնը», ըսած է վարչապետը: