Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Եթէ Կ՛ուզենք Ունենալ Լաւ Պետութիւն՝ Պէտք Է Տրամադրենք Լաւագոյն Կրթութիւնը. ՀՀ Վարչապետ

ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ, Ջերմուկ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին՝ քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու  շրջագիծին մէջ ըստ ոլորտներու իրականացուած քայլերու  ընթացիկ արդիւնքներն ու յետագայ ընելիքները:

Ներկայացնելով Վայոց Ձորի մարզի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ հիմնական ցուցանիշները` մարզպետ Յարութիւն Սարգսեան նշած է, որ հանրապետութեան համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշին մէջ մարզի մասնաբաժինը կը կազմէ 1,2 առ հարիւրը:

Վարչապետի յանձնարարականին հիման վրայ՝ Վայոց Ձորի մարզէն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն ներկայացուած է 20 ներդրումային ծրագիր` 2 միլիառ 384 միլիոն դրամ արժէքով: Կառավարութեան համաձայնութեան արժանացած է 8 ծրագիր` 1 միլիառ 616 միլիոն դրամ արժողութեամբ:

Մարզի զարգացման ներուժ ունեցող մարզերէն են նաեւ հանքարդիւնաբերութիւնն ու ուժանիւթը: Բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրներու լուծման հարցով կարեւոր նշանակութիւն ունի «Ամուլսար»-ի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը, որուն շրջագիծին մէջ 2017-2018 տարիներուն պիտի ներդրուի 370 միլիոն տոլար, պիտի ստեղծուի 1300 աշխատատեղ: Այժմ հանքավայրին մէջ կ՛աշխատի 730 հոգի, որոնցմէ 350-ը մարզի բնակիչներն են:

Զեկուցուած է, որ «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Մայիս 27-ին մարզը մասնակցած է համապետական շաբաթօրեակին, 129 աղբավայրերէն 112-ը փակուած են: Կազմուած է 4 աղբավայրի ամբողջական վերացման ծրագիրը, աշխատանք կը տարուի գործող 13 աղբավայրերէն եւս 6-ին փակման ուղղութեամբ:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է տարբեր ծառայութիւններու մատուցման գործառոյթներուն մէջ, ներառեալ` աղբահանութիւնը` սեփական մարզը ներգրաւելու հարցը եւ նշած, որ ատիկա որակական փոփոխութիւն կը բերէ:

Այնուհետեւ Վայոց Ձորի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, փոքր եւ միջին գործառոյթներու, զբօսաշրջութեան զարգացման մարզերու պատասխանատուները զեկուցած են այդ մարզերուն մէջ կատարուած եւ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերու պատասխանատուները զեկուցած են, որ աշխատանքներ կը կատարուին սեղմումներու ուղղութեամբ: Ծրագիրները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: «Մենք ունինք միջոցները արդիւնաւէտ ծախսելու բաւական մեծ ներուժ: Մեր թիւ մէկ հարցը ոչ թէ գումարներու տնտեսումն է, այլ մեր զաւակներուն ժամանակակից, առաւելագոյնս լաւագոյն կրթութիւն տրամադրելը: Եթէ մենք կ՛ուզենք ունենալ լաւ պետութիւն, ապա այսօր, վաղը կամ միւս օրը մեր զաւակներուն պէտք է տրամադրենք լաւագոյն կրթութիւնը», ըսած է վարչապետը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին