Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Մասնակցած է «Միջազգային Բանակային Խաղեր 2017»-ի Բացման Արարողութեան

Մոսկուայի մերձակայ շրջաններէն մէկուն մէջ հանդիսաւորութեամբ սկսած են երրորդ «Միջազգային բանակային խաղերը», որոնց կը մասնակցին 28 երկրի 4000 զինուորական: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

«Միջազգային բանակային խաղեր 2017»-ն տեղի կ՛ունենայ 5 երկիրներու` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Պելոռուսիոյ եւ  Չինաստանի 21 ռազմափորձարաններու մէջ:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Հայկական բանակի խումբը այս զինուորական մրցումներուն ներկայացուած է 75 հոգինոց խումբով: Հայ զինուորները պիտի մրցին «Թանկային պիաթլոն» մարզաձեւին, զուգահեռաբար իրենց հմտութիւնները պիտի ներկայացնեն սակրաւորները, հետախոյզներն ու արձակազէնները: Առաջին անգամ ըլլալով խաղերուն կը մասնակցին Իսրայէլը, Սուրիան, Ուզպեքիստանը եւ Մարոքը: Միջազգային բանակային խաղերը կը տեւեն մինչեւ Օգոստոս 12, իսկ Օգոստոս 5-ին «Ալապինօ» ռազմափորձարանին մէջ պիտի յայտարարուի նաեւ Հայաստանի օր, որուն ընթացքին պիտի հնչեն հայկական երգն ու պարը, պիտի ներկայացուի հայկական մշակոյթը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին