Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Կայացաւ «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի Եզրափակիչ Հանդէսը

30 Յուլիս 2017-ին Պուրճ Համմուտի ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի այս տարեշրջանի եզրափակիչ հանդէսը, ներկայութեամբ մանկամսուրի փոքրիկներու ծնողներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներու:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քեշիշեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ տարին բոլորեցաւ բարեյաջող եւ անձնակազմը կարողացաւ կատարել տարեկան ծրագիրը՝ ամբողջութեամբ:

«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը այս տարի հիւրընկալեց 1-էն 3.5 տարեկան 60 փոքրիկներ, յանձն առնելով անոնց  հոգատարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ: «Մենք հոգ տարինք փոքրիկներու ֆիզիքական աճին, օգնեցինք իրենց, որ յայտնաբերեն եւ ճանչնան իրենց շրջապատը, խթանեցինք անոնց ընկերային յարաբերութեան կարողութիւնները եւ նպաստեցինք, որ յարմարին ինչպէս ֆիզիքական, նոյնպէս եւ ընկերային միջավայրին: Այս բոլորին մէջ յատուկ կարեւորութիւն տուինք անոր, որ փոքրիկներուն մատուցուած սնունդը ըլլայ առողջարար եւ իրենց տարիքի կարիքներուն համապատասպան: Նոյնքան ուշադիր եղանք, որ անոնց կենցաղային միջավայրը ըլլայ ապահով եւ մաքուր», ըսաւ տիկին Քէշիշեան: Ան յայտնեց, որ այս նպատակներուն համար մանկամսուրին մէջ գործադրուեցաւ լաւապէս ուսումնասիրուած կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը:

Հանդէսին փոքրիկները ներկայացուցին 5 պարեր՝ կենդանիներու թեմաներով, արտայայտելով ֆիզիքական եւ մտաւոր աճի այն ուրախացնող չափը, որուն հասած էին նաեւ մանկամսուրի աշխատակիցներուն ջանքերով:

Հանդէսին փակման իր խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ մանուկներու դաստիարակութեան ամենանուրբ հանգրուանը հաւանաբար մանկամսուրն է, եւ ճիշդ ատոր համար է, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը ամենամեծ ուշադրութեամբ եւ հոգատարութեամբ կը հետեւի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի առօրեային, ձգտելով այս ծառայութիւնը պահել ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Ան այս դժուարին եւ պատասխանատու գործին համար շնորհակալութիւն յայտնեց մանկամսուրի անձնակազմի անդամներուն, գնահատելով անոնց նուիրումն ու բարեխիղճ ծառայութիւնը, որուն շնորհիւ Ներկիզեան մանկամսուրը դարձաւ իրապէս երկրորդ տուն՝ սաներուն համար: Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, իրենց զաւակները այսքան նուրբ տարիքին «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի հոգատարութեան եւ  դաստիարակութեան վստահելուն համար:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին