Իջեւան քաղաքի կեդրոնը խոյացող երեք յարկանի շէնքի ճաքած պատերէն կը ճչայ խորհրդային շունչը: Շուրջ 120 երեխայի առօրեայի մաս դարձած թիւ 8 մանկապարտէզն է: Երբ կը հարցնենք, թէ երբ կառուցուած է մանկապարտէզին շէնքը, դայեակներէն 50-ամեայ տիկին Նարինէն տխուր կը ժպտի․ «Պատկերացուցէք, ես ալ այս նոյն մանկապարտէզը եկած եմ»: Հարցին` ի՞նչ փոխուած է այդ ժամանակներէն, տիկին Նարինէն յստակ կը յիշատակէ նախորդ տարուան կազ անցնելը:
Խորհրդային հսկայէն շուտով պիտի ազատուին քաղաքը, երեխաները եւ դայեակները ․ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը քաղաքի կեդրոնը նոր եւ եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան մանկապարտէզ կը կառուցէ: Մանկապարտէզը նախատեսուած է 150 երեխայի համար: Մանկապարտէզի կառուցման ֆինանսաւորումը իրականացած է ամերիկահայ բարերարներ Ռեյմընտ եւ Անի Հարթունեաններու, Գրիշա Սուքիասեանի եւ Սոնիկ Արթունեանի հովանաւորութեամբ:
Յուլիս 26-ին կառուցուելիք մնակապարտէզի տարածքին տեղի ունեցաւ անոր հիմնաքարի տեղադրման եւ հիմնարկեքի արարողութիւնը: Մանկապարտէզի հովանաւորներ Հարթունեան ամուսինները հիմնարկեքին ներկայ էին իրենց մանկահասակ զաւակներուն` Նայիրիի, Դուինի եւ Մեղեդիի հետ: Փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ միասին տեղադրեցին մանկապարտէզի հիմնաքարը առ այն, որ իրենց իջեւանցի տարեկիցները մէկ տարի անց արդէն պիտի յաճախեն բարեկարգ եւ յարմարաւէտ մանկապարտէզ:
Մանկապարտէզի հիմնարկեքի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանը, Իջեւանի քաղաքապետ Վարդան Ղալումեանը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի տնօրէն Սարգիս Քոթանջեանը: