Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Մենք Պատերազմը Յաղթած Ենք. Չէի Ուզեր, որ Խաղաղութեան Հարցով Պարտուէինք. Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ

Մեզի համար մեծագոյն պատիւ եւ ուրախութիւն է Արցախի գտնուիլը. Արցախը նաեւ մեր հոգիի յաղթանակին խորհրդանիշն է:

Այս  մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստեանը, որ երկօրեայ այցով կը գտնուէր Արցախ:

«Երկու տարի առաջ նշանակուած եմ Տաւուշի թեմի առաջնորդ: Այս տարիներուն ընթացքին փորձած ենք քրիստոնէական հաւատը զարգացնել եւ զօրացնել մեր սահմանամերձ բոլոր գիւղերուն մէջ: Այս տարիներուն ընթացքին մենք յաջողած ենք ստեղծել 43 յատուկ դպրոց, ուր, քրիստոնէական դաստիարակութեան զուգահեռ, կ՝իրականացնենք արուեստներու եւ արհեստներու, ինչպէս նաեւ մարտարուեստի ուսուցումներ: Ունինք 2100-էն աւելի աշակերտութիւն: Ստեղծած կեդրոններուն մէջ կը դասաւանդէ 70 ուսուցիչ: Մենք մեր զօրեղ հոգեւոր քարոզչութեամբ՝ կ’ուզենք մարդոց փոխանցել քրիստոնէական յոյս եւ հաւատք: Մեր հոգեւոր գիտակցութիւնը կ’օգնէ մեզի, որ հասարակական, տնտեսական կեանքի մէջ աջակցինք մարդոց»,- ըսած է Բագրատ եպիսկոպոս Գալստեան:

Խօսելով Արցախ այցելելու իրենց այցին մասին` Տաւուշի թեմի առաջնորդը նաեւ տեղեկացուցած է, որ այցելութեան իրենց առաջին կանգառը եղած է Գանձասարի վանքը, այնուհետեւ` Ստեփանակերտը, Շուշին, Դադիվանքը:

«Ուսումնական տարին ամփոփելէ ետք՝ մենք մեր 55 ուսուցիչները ուխտագնացութեան բերած ենք Արցախ: Մեզի համար շատ կարեւոր է ըլլալ Արցախի մէջ. մեր ուսուցիչներուն այցելութիւնները կը կրեն պարբերական բնոյթ:

Ներկայ եղած ենք նաեւ Գանձասարի սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն»,-  ըսած է Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստեանը եւ պատմած Տաւուշի մարզին մէջ իրենց ստեղծած դպրոցներուն մասին,-«Մենք հոգեւորականներու պակաս ունինք մեր համայնքին մէջ: Փորձած ենք Տաւուշի մարզի իւրաքանչիւր համայնքէն, ըստ իրենց ցանկութեան, վեցամսեայ յատուկ դասընթացներ իրականացնելէ ետք, ներկայացուած 100 հոգիէն ընտրել 70-ը, որոնք ալ պիտի դասաւանդեն դպրոցներու մէջ: Իսկ այդ դպրոցներէն շատերը կը  գտնուին սահմանին շատ մօտ` ուղղակի կրակոցներու տակ»:

Խօսելով  Հայրենիք-Սփիւռք կապի մասին` Բագրատ եպիսկոպոս Գալստեան կարեւոր համարած է սահմանամերձ նման համայնքներուն նիւթական աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

«Նոր սերունդ կը մեծնայ Սփիւռքի մէջ, որոնք կու գան Արցախ` տեսնելու այս հրաշք երկիրը, ծանօթանալու մարդոց հետ: Այդ սերունդը տարիներու ընթացքին պիտի գիտակցի հայրենիքին օգնելու, հայրենիք վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը: Մենք պէտք է մարդոց համար բոլոր հնարաւորութիւնները ստեղծենք, որպէսզի անոնք հայրենիքի մէջ ապրելու համար հպարտութեան զգացում ունենան»,- ըսած է Բագրատ եպիսկոպոս Գալստեանը:

Անդրադառնալով խաղաղութեան հարցին` ան ընդգծած է. «Մենք պատերազմը յաղթած ենք. չէի ուզեր, որ խաղաղութեան հարցով պարտուէինք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին