Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Թուրքիա-Գերմանիա Տագնապին Մէջ Ջուրի Երես Կու Գայ Ցեղասպանութեան Հարցը

Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները օրէ օր աւելի կը լարուին: Կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք այս շրջանին դէմ դիմաց կը բերեն Թուրքիան եւ Գերմանիան, եւ որոնց անդրադառնալու առիթը ունեցանք բազմիցս: Գերմանացի քաղաքագէտներ, սկսած այդ երկրի վարչապետէն, այլեւս բառեր չեն խնայեր Թուրքիան դատապարտելու, բայց անմիջապէս փոխադարձը կը գտնեն թուրք քաղաքագէտներու բերանէն:

Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խանգարող ազդակներէն մէկն ալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցն է: Այս կէտը պարբերաբար օրակարգի կը բերուի թուրք քաղաքագէտներու կամ հրապարակագիրներու կողմէ:

Յուլիս 23-ին, «Սէօզճիւ» թերթի աւագ խմբագիր Ռահմի Թուրան, իր «Ո՞վ է, որ կը հանդուրժէ» խորագրեալ յօդուածին մէջ, կրկին կը յիշեցնէ այս կէտը: Հակադարձելով գերմանացի նախարարի մը այն հաստատումին, թէ Գերմանիա մինչեւ հիմա շատ հանդուրժեց Թուրքիոյ, սակայն այլեւս այդպէս կարելի չէ շարունակել, Ռահմի Թուրան հարց կու տայ, թէ մինչեւ հիմա ո՛վ՝ որո՛ւն հանդուրժեց, Գերմանիա՞ն, թէ Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը։

«Քաղաքական հարցերը օր մը կը լուծուին, բայց գերմանացիները թուրք ժողովուրդը նախատեցին, պնդելով որ ան Հայոց Ցեղասպանութիւն գործած է, եւ ուստի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրէնք քուէարկեցին: Գերմանացիները այդ քայլով մեծ ամօթ գործեցին՝ թուրք ժողովուրդը ցեղասպան հռչակելով», կը գրէ Թուրան, կոչ ընելով քաղաքագէտներուն, որ աւելի՛ խոհեմ ձեւով շարժին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին