Արցախի մէջ նուռի այգիները խաղողագործութենէն ետք իրենց ծաւալով երկրորդ տեղն են:
Պատասխանելով «Artsakhpress.am»-ի թղթակիցի այն հարցին, թէ Արցախի մէջ նուռի այգիներու մշակումը որքա՞ն զարգացած է՝ ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արամ Մխոյեան ըսած է. «Ի տարբերութիւն խաղողի, նուռի այգիներու մշակման ուղղութեամբ դրական աճ ունինք, հաշուի առնելով, որ խաղողի այգիները տարուէ տարի կը պակսին կամ չեն զարգանար: Այսօր արդէն ունինք 1000 հեքթար նուռի այգի: Միայն վերջին 2 տարիներուն ընթացքին հիմնուած է մօտ 300-400 հեքթար նուռի այգի:
«Արցախի մէջ նուռի այգիներու զարգացման ուղղութեամբ ունինք իրականացուելիք ծրագիր. յառաջիկայ 10 տարիներուն ընթացքին նուռի այգիները պէտք է հասցնենք 5000 հեքթարի: Այս ոլորտը զարգացնելու համար մենք աջակցութեան տարբեր ծրագիրներով կը խրախուսենք հողօգտագործողները: Իբրեւ արդիւնք` ԱՀ գիւղատնտեսութեան ոլորտը պիտի ունենայ լուրջ յառաջընթաց, պիտի աւելնան ֆինանսական հոսքերը. բերքի մէկ մասն ալ պիտի արտահանուի»: