Յուլիս 22-24 ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի «Բացայայտէ քեզի համար երկիրդ» արշաւին ծիրէն ներս՝ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած է հայաստանեան շարք մը ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու ճանաչողական այցը Արցախ:
Այցի ծիրէն ներս՝ Հայաստանի շարք մը լրատուամիջոցներ այցելած են Արցախի տեսարժան վայրերը, որոնցմէ մէկը Շուշիի մզկիթն էր: Պարզուած է, որ մզկիթին մէջ, ուր այժմ կը կատարուին պեղման ու վերականգնման աշխատանքներ, յայտնաբերած են վաղ քրիստոնէական դամբարան: Թէ որո՞ւն դամբարանն է, ո՞ր թուականի կառոյց է, դեռ պարզ չէ։ Այս մասին կը գրէ «Iravunk.com»-ը: