Սկաուտական օրացոյցի ամենաուրախ պահերը անկասկած տարեկան բանակումի եւ խարուկահանդէսի յիշատակներն են: Այդ խանդավառութիւնը այսօր ստացած է կրկնակի խորք, որովհետեւ մեր պատանիները բախտաւորութիւնը ունին հայրենի հողին վրայ լարելու իրենց բանակումի վրանները եւ հայրենի բնութեան գիրկը կազմակերպելու խարուկահանդէսները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքին համար արդէն աւանդութիւն դարձած է իւրաքանչիւր Ամառ, աշխարհի տարբեր ափերէն սկաուտական շարժումներու մասնակցութեամբ, հայրենիքի սեփական բանակավայրին մէջ կազմակերպել տարեկան բանակում եւ խարուկահանդէս: Այս տարուան բանակումը տասնամեակի յոբելենական ըլլալով, յաւելեալ խանդավառութիւն մը կը տիրէր զայն կազմակերպող մարմիներուն եւ մասնակիցներուն մէջ:
Կիրակի 9 Յուլիսին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան եւ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական խումբերու արենոյշներ եւ սկաուտներ (12-էն 18 տարեկան), չորս պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ, ընդհանուր թիւը՝ 32, վաղ առաւօտեան ժամը՝ 4-ին մէկտեղուեցան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնը, ուր յիշատակի նկար մը վերցնելէ ետք, հրաժեշտ տալով իրենց ծնողներուն, միութենական բարեկամներուն, յատուկ օթոպիւսով ուղղուեցան դէպի Պէյրութի միջազգային օդակայանը: Օդանաւը կարճ ուշացումէ ետք թռիչք առաւ դէպի հայրենիք եւ Երեւանի ժամով՝ 11.20-ին վայրէջք կատարեց Զուարթնոց միջազգային օդակայանը:
Օդակայանին մէջ լիբանանեան սկաուտական պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Հայաստանի խմբապետական կազմէն, ՀԲԸՄ Երեւանի սկաուտական խումբէն երկու միութենականներ: Մեր պատուիրակութիւնը ճամբայ ելաւ դէպի ՀԲԸՄ Անդրանիկ բանակավայրը՝ Դիլիջանէն դէպի Վանաձորի ճանապարհին վրայ, Լոռիի մարզի Թէժ Լեռ կոչուած շրջանին մէջ: Օթոպիւսներուն մէջ, մեր սկաուտները, արենոյշները կ’երգէին ազգային, հայրենասիրական երգեր: Պատուհաններէն դուրս կը ճօճէին Հայաստանի, Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները:
Բանակավայրին մէջ մեր սկաուտներուն եւ արենոյշներուն դիմաւորեցին տարբեր երկիրներէ նախապէս ժամանած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական խումբեր: Այնտեղ էին ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Երեւանի սկաուտական միաւորէն արծուիկներ եւ գայլիկներ ( թիւով 75),Իրաքի խումբը (թիւով 14):Յաջորդ՝ Կիրակի օր, բանակավայր ժամանեցին Վրաստանէն՝ Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի սկաուտական խումբերը (թիւով՝ 24):
Բանակավայրին ընդհանուր պատասխանատուն էր եղբայր Ռէյմոնտ Յարութիւնեան: Իրանէն ժամանած էին չորս միութենականներ, օժանդակելու եղբայր Ռէյմոնտին:
Մեր արենոյշները եւ սկաուտները տեղաւորեցին իրենց առարկաները եւ անմիջապէս լծուեցան ձեռային տարբեր աշխատանքներու՝ պատրաստելու բանակավայրը: Իւրաքանչիւր սկաուտական խմբակ ստանձնած էր բաժին մը: Մեր սկաուտները պատրաստեցին բանակումին մուտքը եւ աշտարակը:
Առաջին երեք օրերը տրամադրուեցան բանակավայրի պատրաստութեան:
Բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 12 Յուլիսին: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գուգարքի թեմի Առաջնորդ Սեպուհ սրբազանը , ՀԲԸՄ-ի Երեւանի ընդհանուր խմբապետ եղբայր Սարօ Թադէոսը, Ռէյմոնտ Յարութիւնեանը, մամուլի ներկայացուցիչեր, որոնք յետագային արձագանգեցին սկաուտական այս մեծ եղելութեան:
ՀԲԸՄ Երեւանի սկաուտական փողերախումբին առաջնորդութեամբ, բոլոր պատուիրակութիւնները իրենց սկաուտական տարազներով մուտք գործեցին բանակավայր: Անոնք համախմբուեցան սկաուտական կայմին շուրջ: Այս առիթով խօսք առին խումբերու ընդհանուր պատասխանատուները:
Յատկանշական էր, որ ՀԲԸՄ Անդրանիկ բանակավայրը արդէն տասերորդ տարին ըլլալով կը համախմբէր հայրենի եւ Սփիւռքի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ- ական սկաուտական խմբաւորումները: Այս տարուան բանակումը յոբելենական տարի ըլլալով, սրբազանը օծեց բանակումի դրօշակը: Փաստօրէն բանակումը ունեցաւ իր սեփական դրօշակը:Կայմին վրայ կը ծածանէին Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները: Բացման հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն: Երեկոն անցաւ ընկերային զուարճալի մթնոլորտի մէջ:
Յաջորդ օրը, Երկուշաբթի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի սկաուտական խումբը այցելեց Վանաձորի բուսաբանական այգին եւ ծանօթացաւ Հայաստանի բուսական աշխարհի նմոյշներուն: Անոնք շրջեցան Վանաձորի մէջ եւ երեկոյեան վերադարձան բանակավայր:
Յաջորդ օրը այցելեցին Գոշավանք, ծանօթացան պատմական վանքին: Այդ երեկոյեան,մեր տղաքը եւ աղջիկները կազմակերպեցին լիբանանեան ճաշի երեկոյ մը: Ներկաները գոհ մնացին լիբանանեան խոհանոցի բարիքներէն:
Երկօրեայ պտոյտներէն ետք, սկսան խարուկահանդէսի պատրաստութիւնները: Դարձեալ հաւաքական աշխատանք: Իւրաքանչիւր երկիրէ ժամանած սկաուտական խմբակ ստանձնած էր բաժին մը: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Լիբանան երգով եւ պարով պիտի մասնակցէր խարուկահանդէսին:
Կիրակի, 16 Յուլիսի կէսօրին, ՀԲԸՄ Անդրանիկ բանակավայրին մէջ բանակումներուն տասնամեակին առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւն: Ճաշէն ետք, սկսաւ խարուկահանդէսի արարողութիւնը: Ներկաներուն թիւը մասնակից սկաուտական խումբերով, ծնողներով եւ այցելուներով կը հաշուէր 650:
Սկաուտական բոլոր խմբաւորումները ՀԲԸՄ- Երեւանի փողերախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեցին բանակավայր եւ համախմբուեցան կայմին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Իւրաքանչիր խումբի կողմէ նախապէս ընտրուած տիպար անդամը բարձրացուց իր երկրին դրօշը: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Լիբանանի «տիպար անդամ»ը ընտրուեցաւ քոյր արենոյշ Գարին Տիշչեքենեանը: Ան բարձրացուց Լիբանանի դրօշակը: Տարբեր երկիրներու դրօշներուն կողքին կը ծածանէին ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշները:
Խարուկահանդէսի առիթով յաջորդաբար խօսք առին Ռէյմոնտ Յարութիւնեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէն, բանակավայրի հիմնդարութեան գլխաւոր սիւներէն,ութ յաջորդական տարիներ ՀԲԸՄ Անդրանիկ բանակումի ընդհանուր կազմակերպիչ եւ պատասխանտու Գէորգ Սանթուրեանը, ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտեքեանը, ՀԲԸՄ Երեւանի սկաուտական շարժումի պատասխանատու Սարօ Թադէոսը: Անոնք կատարեցին բանակավայրի հիմնադրութեան պատմականը եւ շեշտեցին միութենական աւանդութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ապա բոլոր կազմերը ուղղուեցան դէպի խարուկահանդէսի վայրը, ուր Ռէյմոնտ Յարութիւնեան, Գէորգ Սանթուրեան, Յովիկ էօրտեքեան, Սարօ Թադէոս, Կարէն Տիրարեան վարեցին խարուկահանդէսին կրակը:
Խարուկահանդէսի միջոցին խօսք առին Գէորգ Սանթուրեանը, Սարօ Թադէոսը եւ Ռէյմոնտ Յարութիւնեանը: Այս առիթով ՀԲԸՄ բանակումի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտական խումբերու յանձնուեցան երախտագիտական յուշանուէրներ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մէկ խօսքով միութենական ուրախ եւ ջերմ մթնոլորտ:
Սկաուտական կազմերը Երկուշաբթի ամբողջ օրը բանակումին մէջ մնացին բանակավայրին մէջ, հանգստանալու:
Երեքշաբթի 18 Յուլիսի առաւօտեան, սկաուտական խումբերը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց Ցեղաասպանութեան յուշակոթողին անմար կրակին առջեւ վերանորոգեցին իրենց պահանջատիրական ուխտը, ապա այցելեցին ՀԲԸՄ-ի ամերկեան համալսարանը, իսկ կէսօրէ ետք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Չորեքշաբթի, 19 Յուլիսին այցելեցին Եռաբլուր, ապա՝ Հայորդաց Տուն, ուր ծանօթացան Հայորդաց Տան սաներուն աշխատանքներուն: Հայորդաց Տան սաները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին ի պատիւ հիւրերուն:
Պտոյտներու գեղեցիկ յայտագիր: Մեր տղաքը եւ աղջիկները այցելեցին Սեւանայ լիճ, պատմական եկեղեցիները, Դիլիջան՝ Պարզ Լիճ եւ այլ գեղատեսիլ վայրեր:
Շաբաթ, 22 Յուլիսին մեր սկաուտները եւ արենոյշները սկսան քակել բանակավայրին մէջ իրենց պատրաստած սարքերը: Մեկնումէն առաջ, բանակումի մասնակիցները փոխանակեցին յիշատակի յուշանուէրներ: Անոնք հրաժեշտ տուին բանակավայրին եւ վերադարձան Երեւան՝ ՀԲԸՄ-ի Վահէ Կարապետեան կեդրոնը, ապա շրջեցան մայրաքաղաքին մէջ:
Կիրակի, 23 Յուլիսի կէսօրին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանէն ժամանած սկաուտական խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Զուարթնոցի օդակայանը: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ, փայլուն յիշատակներով, միութենական աշխատանքի նոր եռանդով վերադարձան Պէյրութ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ