Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

«Հայրենիք»ը՝ Հայրենիքի Կողքին

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Գառնաքար գիւղը նոր բուժկէտ եւ համայնքային կեդրոն ունի`  շնորհիւ Արցախի կառավարութեան եւ Լոս Անճելըսի «Հայրենիք» միութեան համագործակցութեան: Գիւղի բուժքոյր Այտա Մարտիրոսեանը նախկին ու ներկայ հնարաւորութիւնները կը համեմատէ եւ չի պահեր ուրախութիւնը. «Բուժկէտի նախկին շէնքը շատ անմխիթար վիճակի մէջ էր: Շատ ծառայութիւններ դժուարութեամբ կը մատուցէինք: Օրինակ, բուժկէտի անմխիթար վիճակը իմանալով, շատերը նոյնիսկ չէին ուզեր բուժկէտ գալ: Հիմա շատ լաւ վիճակի մէջ է, յարմար է ամէն ինչը: Մեզի մեծ օգնութիւն ցոյց տուած են այս նոր բուժկէտը կառուցելով»: Գիւղին մէջ նաեւ վերակառուցած են հանդիսութիւններու հին շէնքը՝ զայն դարձնելով համայնքային կեդրոն: Բացման առիթը Գառնաքարի մէջ հաւաքած է Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու «Հայրենիք» միութեան ղեկավարները: Համայնքային կեդրոնին մէջ գառնաքարի տոհմածառն է` իր բոլոր ճիւղերով:

 

Տեսածէն տպաւորուած է Արցախի նախագահը: «Հայրենի բնակավայրերը վառ պահելը մեր հերոսներուն յիշատակը վառ պահելու ամենալաւ միջոցն է: Կ’ուզեմ իմ շնորհակալութիւնս յայտնել Գառնաքարի մէջ այս նախաձեռնութիւններուն մասնակցած մեր բոլոր հայրենակիցներուն: Այս կարեւոր նախաձեռնութիւնները իրականացուած են պետութեան, գառնաքարցիներու եւ Սփիւռքի մեր քոյրերու եւ եղբայրներու ջանքերուն համադրումով»,-գառնաքարի մէջ հանդիսութիւններու տան եւ բուժկէտի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ նշած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: «Հայրենիք» միութեան անդամ Բարունակ Չելիքեան՝ Արցախի նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուած է «Երախտագիտութիւն» մետալով: «Մեր կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն անունով շորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ մեր 25 տարուան աշխատանքը կը գնահատուի»,- նշած է «Հայրենիք» միութեան անդամ Բարունակ Չելիքեան:

 

Գառնաքարը «Հայրենիք» միութեան բարեգործութեան միակ հասցէն չէ: Շարք մը ծրագիրներ աւարտած են նոյնինքն վերջին օրերուն ընթացքին, կը թուարկէ կազմակերպութեան` Արցախի պատասխանատուն: «Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին՝ «Հայրենիք» միութեան կողմէ, 6 գիւղերու մէջ արդէն ունինք 8 աւարտած ծրագիր: Վերջերս Շահմասուր եւ Ծմակահող գիւղերուն մէջ, բացման արարողութիւն եղաւ, ունինք Աւտուռ գիւղին մէջ նոր բուժկէտի կառուցման ծրագիր, որ աւարտած է, Վազգէնաշէնի մէջ կառուցուած է հանդիսութիւններու նոր շէնք, Յարութիւնագոմեր գիւղին մէջ կառուցուած է հանդիսութիւններու նոր շէնք»,- կը թուարկէ Լոս Անճելըսի «Հայրենիք» միութեան Արցախի լիազօր ներկայացուցիչ Վահրամ Գէորգեանը:

Մինչեւ 2017-ի վերջը կը նախատեսուի եւս երկու ծրագիր սկսիլ եւ աւարտել: Մէկը Մարտակերտի մէջ, միւսը՝ Շուշիի:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին