Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը վաւերացուց Հայաստանի հետ միացեալ զօրամիաւորում ունենալու մասին համաձայնագիրը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ստորագրեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միացեալ զօրամիաւորում ունենալու մասին օրէնքը: Ըստ «Armeniasputnik.am»-ի՝ համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան էջին մէջ:
«Վաւերացուած է 2016 թուականի Նոյեմբեր 30-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ՀՀ եւ ՌԴ զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորում ստեղծելու մասին ստորագրած համաձայնագիրը»,– ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Համաձայնագիրը նախապէս վաւերացուցած էին Պետդուման եւ ՌԴ Դաշնային խորհուրդը: 2016 թուականի Յունիսին ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուցած էր օրինագիծը եւ անիկա ուղարկուած էր ԱԺ` վաւերացման: