Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանի Զինուորական-Քաղաքական Ղեկավարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, իբրեւ թէ, ամբողջ օրուան ընթացքին, Հայաստանի զինուած ուժերու  ստորաբաժանումները գնդակոծած են ազրպէյճանական զինուորական դիրքերը, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանի ամբողջ երկայնքով որեւէ գործողութիւն չեն կատարած եւ նոյնիսկ մէկ կրակոց չեն արձակած: Աւելի՛ն. ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի նման մնայուն գործելաոճի, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայի նշանառութեան տակ չեն առած խաղաղ բնակավայրերը, եւ պնդումները զանոնք ռմբակոծելու վերաբերեալ պարզունակ ապատեղեկատուութիւն են, կամ` ազրպէյճանական կողմի ապագայ  սադրանքներու համար տեղեկատուական նախապատրաստութեան փորձ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու եւ կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէ, որոնք կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ շրջանին համար:

Սին մեղադրանքներու գործելաոճէ խուսափելու լաւագոյն տարբերակը 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնութեան անվերապահ կատարումն է, նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խմբակի կարողութիւններու յաւելումն ու դէպքերու  հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին