Յուլիս 27-Օգոստոս 12 Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ կ’իրականացուի «Միջազգային բանակային խաղեր-2017» ստուգատեսը, որուն կը մասնակցին նաեւ ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ այդ ծիրէն ներս Մոսկուայի, Նովոսիպիրսկիի եւ Դիւմենի մէջ իրականացուելիք «հրասայլային պիաթլոն», «զօրային հետախուզութեան գերազանցիկներ» եւ «անվտանգ երթուղի» մրցումներուն կը մասնակցին ՀՀ ԶՈՒ հրասայլային, հետախուզական եւ ճարտարագիտական ստորաբաժանումները, իսկ Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ կայանալիք «դիպուկահարներու սահմանագիծ» մրցոյթին` 11 դիպուկահար:
Եւս 5 զինծառայող ՀՀ զինուած ուժերը կը ներկայացնեն Պելառուսիոյ մէջ իրականացուող «ընկերակցութեան զինուոր» մրցոյթին: