ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Գրադարանները մարդկային հոգիի բոլոր հարստութիւններուն գանձարանն են: Այդ գանձարանը հարստացնելու նպատակով՝ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան այցելեց ՀՀ Ազգային Գրադարան: Երեւանի մէջ իր աշխատանքային կեցութեան ընթացքին («Զարթօնք»ի նախաձեռնութեամբ՝ Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով» գիրքին շնորհանդէսէն եւ «Զարթօնք»ի աշխատակից Սարգիս Փոշօղփեանի ձեռագիրերը եւ գործերը ՀՀ Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան յանձնելէ օրեր ետք) Յակոբեանի Ազգային Գրադարան այցելութեան նպատակն էր գրադարանի արխիւին յանձնել «Զարթօնք»-ի 2016 թուականի թիւերու հաւաքածոն՝ կազմուած գիրքի տեսքով, ինչպէս նաեւ այնտեղի պատասխանատուներուն հետ քննարկելու աւելի եւս գործակցութեան եզրեր:
Արխիւը ընդունեց գրադարանի գիտական գիծով տնօրէնի տեղակալ Հայկանոյշ Ղազարեան: Հանդիպման ընթացքին կողմերը համաձայնեցան յետագայ համագործակցութեան շուրջ: «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը հիմնուելով իր պաշտօնի կոչումի առաջին օրէն իսկ որդեգրած նախաձեռնութեան՝ տուեալ թուականէն սկսեալ «Զարթօնք»ի տպագիր արխիւը ամէն տարի ամբողջական հաւաքածոյի կազմուած տեսքով յանձնել Ազգային Գրադարան, յանձնառու եղաւ, որ տպագիրի տարեկան հաւաքածոյին յանձնումը պիտի շարունակական ըլլլայ: Գալով ելեկտրոնային տարբերակին, Տիկին Հայկանոյշը առաջարկեց գրադարանին ուղղարկել «Զարթօնք»-ի ամէնօրեայ համարներու ելեկտրոնային տարբերակները, որպէսզի այդ ձեւով ալ իրենք կարենան ունենալ «Զարթօնք»-ի նիւթերը: Յակոբեան խոստացաւ Ազգային Գրադարանը ընդգրկել «Զարթօնք»ի ել. նամակի հասցէացանկին, «Զարթօնք»ի ելեկտրոնային օրինակը օրընդմէջ յղելու համար հոն: Խմբագիրը Տիկ. Ղազարեանին տեղեկացուց, որ «Զարթօնք»ի ամբողջական արխիւի թուայնացումը ընթացքի մէջ է եւ այս ուղղութեամբ «Զարթօնք»ի եւ Ազգային Գրադարանի գործակցութիւնը կենսական անցեալի պակասաւոր թիւեր փոխանակելու եւ ամբողջական արխիւը համալրելու համար: «Թուայնացումը Պէյրութի մէջ մեզի համար ծախսատար է գործողութիւն է, սակայն «Զարթօնք»ի պատասխանատուները կը հաւատան, որ ան միակ միջոցն է փրկելու Սփիւռքահայ կարեւոր մէկ ժամանակաշրջանի 80-ամեայ պատմութիւնը:» -նշեց խմբագիրը:
Կողմերը նաեւ ծրագրեցին «Զարթօնք»ի 80-ամեակին առիթով ձեռնարկներ կազմակերեպել նաեւ գրադարանին շրջագիծէն ներս, որոնցմէ կարեւորագոյնը կրնայ ըլլալ Գիտաժողով մը: Խմբագիրը նշեց, որ նպատակայարմար պիտի ըլլայ Ազգային Գրադարանի նման հաստատութեան մէջ կազմակերպել 80-ամեայ թերթին հետ կապուած նման գիտաժողով:
Տիկ. Ղազարեանէն իմացանք, որ գրադարանը կը համագործակցի նաեւ աշխարհի 40 երկիրներու 160 կազմակերպութիւններու, գրադարաններու եւ անհատներու հետ: Հայաստանի Ազգային Գրադարանի միջազգային գրքափոխանակութեան մշտական գործընկերներն են Ռուսիոյ Ազգային գրադարանը եւ Ռուսիոյ պետական գրադարանը, ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանը, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իրանի, Քորէայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Հունգարիոյ, Պելառուսիոյ, Ճափոնի եւ այլ երկիրներու ազգային եւ համալսարանական գրադարանները:
Միջազգային գրքափոխանակութեան միջոցով՝ գրադարանի հաւաքածուները տարեկան կը համալրուին 1000-1200 միաւոր գրականութեամբ: Անիկա կը համագործակցի Հայաստանի մէջ գործող հաւատարմագրուած 21 դեսպանատուներու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու գրասենեակներուն հետ: Այժմ Գրադարանին մէջ կայ աւելի քան 7 միլիոն գիրք: Ամենահին գիրքը Ուրբաթագիրքն է: Այն առաջին հայկական տպագիր գիրքն է (Վենետիկ, 1512 թ.) եւ տպագրուած է Յակոբ Մեղապարտի կողմէ: Բացի Ուրբաթագիրքէն, գրադարանին մէջ կը պահպանուին նաեւ Մեղապարտի կողմէ տպագրուած բազմաթիւ այլ գիրքեր:
«Մենք ունինք հայ գիրքի շտեմարան, որուն կրնաք ծանօթանալ եւ ընթերցել մեր պաշտօնական կայքին մէջ` www.nla.am: Հայ գիրքի շտեմարանի հաւաքածոն կը ներառէ 6 ենթահաւաքածոյ: Մինչեւ 1850 թիւը գրեթէ աւարտած ենք, այսինքն ամբողջացուցած ենք այն բոլոր նիւթերը, որ մենք ունեցած ենք, հաւաքած ենք նաեւ Երեւանի միւս գրադարաններուն մէջ եղած տուեալները եւ ստեղծած ենք հայ գիրքի շտեմարանը: Արդէն հինգերորդ տարին է, որ կ՝աշխատինք այդ շտեմարաններու ստեղծման վրայ եւ կրնամ ըսել, որ մեծ ընդունելութիւն ունեցաւ: Տարբեր երկիրներէ հայագէտներ` Ճափոնէն, Աւստրալիայէն, նոյնիսկ Ազրպէյճանէն հետաքրքրուած են այդ շտեմարաններով: Մեզմէ շատ կը խնդրեն որեւէ տարուայ, որեւէ գիրք կամ մամուլի յօդուած թուայնացնել: Մենք ալ կը թուայնացնենք, կը մշակենք եւ կը տրամադրենք ընթերցողին: Բացի հայ մամուլի շտեմարանէն՝ կայքին մէջ ունինք նաեւ լրիւ նիւթերու շտեմարաններ, օրինակ՝ հայերու մասնակցութիւնը Հայրենական մեծ պատերազմին։ Ունինք տպագրութեան 400-ամեակին վերաբերող շտեմարան, որուն մէջ ներառուած է 400-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս հրատարակուած նիւթերու (գիրքեր, ժողովածոներ, յօդուածներ) թուային տարբերակը: Ունինք նաեւ «Սասնայ Ծռեր» Էպոսի շտեմարանը, ուր ներառուած են բոլոր հրատարակութիւնները: Վերջերս աւելցուցինք նաեւ Աստուածաշունչը` ունինք Աստուածաշունչի բոլոր հրատարակութիւնները»,- հանդիպման ընթացքին պատմեց տիկին Հայկանոյշ Ղազարեանը։
Սեւակ Յակոբեան այս ծիրէն ներս Տիկ. Ղազարեանին տեղեկացուց, որ իր ներկայացուցած կազմակերպութիւնը ծրագիր ունի կազմակերպութեան վերաբերող հրատարակութիւններու ելեկտրոնային շտեմարան մը ստեղծել՝ հոն տեղադրելով զանոնք, որպէս ելեկտրոնային գիրքեր, հասանելի՝ բոլորին: Այս ուղղութեամբ ալ կողմերը համաձայնեցան գործակցիլ: