Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Լիբանանի «Ալիանս» Ընկերութեան Պատուիրակները Այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն

Լիբանանի «Ալիանս» Ընկերութեան Պատուիրակները Այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն

Յուլիս 21-22, Լիբանանի «Ալիանս» ընկերութեան (ապահովագրութեան եւ հաշիւներու կառավարման ոլորտներու մէջ ֆինանսական ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւն) Ազգային Ապահովագրական Ընկերութեան նախագահ, գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ «Ալիանս» ԱԱԸ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Անթուան Իսսան եւ նոյն ընկերութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի գլխաւոր ելեւմտական տնօրէն Ատրիէն Գոցցան՝ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ուղեկցութեամբ՝ այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն: Վերջիններս հանդիպումներ ունեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Հայրապետի, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, ՀՀ ելեւմուտի նախարար Վարդան Արամեանի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ապահովագրութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Ընկերութիւնը շահագրգռուած է Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի միջոցով երրորդ երկիրներու շուկաներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու եւ զարգանալու հնարաւորութեամբ:

ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է «Ալիանս» Ընկերութեան Պատուիրակութիւնը

ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Յուլիս 21-ին ընդունած է «Ալիանս» ընկերութեան տարածաշրջանային տնօրէն Անթուան Իսսան: Զրուցակիցները քննարկած են ապահովագրութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

Ողջունելով ընկերութեան հետաքրքրուածութիւնը` ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է տարբեր ոլորտներու մէջ ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն եւ մասնաւորապէս, օտարերկրեայ ներդրումներու խրախուսման քաղաքականութեան: Կարէն Կարապետեան նշած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագիրներու հեռանկարները:

ՀՀ Ելեւմտական Նախարարը Ընդունած է «Ալիանս» Ընկերութեան Պատուիրակութիւնը

Յուլիս 21-ին, ՀՀ ելեւմտական նախարար Վարդան Արամեան ընդունած է «Ալիանս» ընկերութեան Միջին Ասիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի տարածաշրջանային տնօրէն Անթուան Իսսայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ընկերութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ներկայացուած են ընկերութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ոլորտները: Նշուած է, որ «Ալիանս» ընկերութեան ներկայացուցիչներու Հայաստան այցի նպատակներէն է ուսումնասիրել Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները:

Նախարար Վարդան Արամեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընթացիկ փոքր-տնտեսական իրավիճակը եւ տնտեսական աճի միտումները յառաջիկայ տարիներուն համար: Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի ապահովագրութեան ոլորտի ներկայ իրավիճակին եւ վերջին տարիներուն ոլորտին մէջ իրականացուած բարեփոխումներուն:

Հանդիպման աւարտին կողմերը փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնած են յետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ: Նախարար Արամեան տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը պատրաստ է քննարկելու համագործակցութեան յստակ առաջարկներ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին