Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Հայ-վրացական Յարաբերութիւններու 25-Ամեակը Նշանաւոր Դարձաւ «Ռուսթաւի» Երգի եւ Պարի Ազգային Խումբին Համերգով

Երեւանի մէջ Յուլիս 25-ին տեղի ունեցած է վրացական «Ռուսթաւի» երգի եւ պարի ազգային խումբին համերգը` նուիրուած հայ-վրացական յարաբերութիւններու 25-ամեակին:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ Հայաստանի մէջ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կիորկի Սականելիձէի խօսքով` այս համերգը Վրաստանի կառավարութեան կողմէ նուէր է Հայաստանի քաղաքացիներուն:

«Կը կարծեմ` հանդիսատեսը մեծ բաւականութիւն ստացաւ այս համերգէն եւ ատիկա ամենակարեւորն է: Մշակութային ոլորտին մէջ մենք պէտք է աւելի զարգացնենք մեր յարաբերութիւնները, որ աւելի պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը: Ասիկա նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է նոր սերունդներուն համար` զիրար ծանօթանալու, ընկերանալու եւ շարունակելու այն եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք այս տարիներուն ընթացքին կերտած ենք»,- ընդգծած է դեսպանը:

ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի խօսքով` վերջին տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային ոլորտի մէջ ոչ յաճախակի կազմակերպուած են նման ձեռնարկներ, եւ այժմ փորձ կը կատարուի այդ բացը լրացնելու: «Իհարկէ, հայ-վրացական քաղաքական, տնտեսական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, բայց մշակոյթը նոյնպէս շատ կարեւոր է, որովհետեւ ժողովուրդները միմեանց կը ճանչնան մշակոյթով»,- ըսած է Քոչարեանը:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին