Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Պաքուի Հաղորդումը, Թէ Հայկական Ուժերու Անօդաչուն Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը Վիրաւորած Է

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեղեկատւութիւնը, թէ հայկական ուժերու անօդաչու թռչող սարքի հարուածէ մը վիրաւորուած է զինուոր Մուրազ Պապաքիշիեւ, հերթական ապատեղեկատուութիւն է: Այս մասին կը յայտարարէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վստահեցնէ, որ առաջնագիծին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ յարաբերական հանգիստ, պարզապէս ազրպէյճանական քարոզչամեքենան կ՛աշխատի իր ոճով` փորձելով ապատեղակատւութիւններ տարածելու եղանակով մոլորութեան մէջ ձգել ինչպէս իր, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին ո՛չ միայն չեն օգտագործած անօդաչու թռչող սարքեր, այլեւ կը շարունակեն խստիւ հետեւիլ զինադադարի պահպանման դրութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին