27 Յուլիս 2017-ի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւներ յանձնեց Սփիւռքի մշակութային գործիչներու:
ՀԲԸՄ Փարիզի «Ահազանգ» թատերախումբի հիմնադրման 25 ամեակին առթիւ եւ Սփիւռքի մէջ Հայ մշակոյթի տարածման նպաստելու, այդ բնագաւառին մէջ ակնառու նւաճումներու եւ ձեռքբերումներու, ստեղծագործական գործունեութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Սփիւռքի միջհամայնքային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած իր մեծ ներդրումին համար Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Ահազանգ» թատերախումբին պարգեւատրեց ՀՀ Սփյուռքի Նախարարության «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
Մետալը յանձնելով թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Մկրտիչ Պասմաճեանին՝ Սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց թատերախումբին բարձր պարգեւին համար եւ նշեց. «Կը կարծեմ, որ փարիզեան մեր կառոյցները մնայուն արժէքներ դարձած են հայկական համայնքի եւ հայ իրականության համար: Դժուար աշխատանք է գրաւել հանդիսատեսի սիրտը: Այս բանին մէջ դուք յաջողած էք: Կը շնորհաւորեմ ձեզ: Շնորհակալ եմ, որ կը կարողանաք զանգ հնչեցնել Իւրաքանչիւր հայու սիրտին մէջ, այն ալ փարիզեան խստապահանջ հասարակութեան մէջ»:
«Ահազանգ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Մկրտիչ Պասմաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւին համար եւ աւելցուց. Պարգեւը պարտաւորեցնող է, նոր ուժ եւ ոգեւորություն պիտի տայ շարունակելու մեր հայապահպան գործը, որ Սփիւռքի մէջ ապրողը փորձէ հայերէն մտածել»:
***
ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրեց Լիբանանի «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ, գործունեայ համայնքային, քաղաքական, հասարակական գործիչ, ասմունքող Անի Եփրեմեանին՝ մասնագիտական և ազգային-հասարակական արդիւնավետ գործունէութեան, Հայաստան-Սփյուռք գործակցութեան զարգացման, երիտասարդ սերունդներու կրթութեան և հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած իր անգնահատելի դերին ու աւանդին համար:
Անի Եփրեմեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար և նշեց. «Իրականացաւ իմ երազը, Հայրենիքի մէջ շուտով հանդէս պիտի գամ հայ հանդիսատեսի առջև: Հայաստանի մէջ Հայու ինքնութեան ուժեղ զգացումներ կ՛արթննան: Շնորհակալ եմ»:
***
Երրորդ պարգեւը՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարության «Երախտագիտութեան»» մետալը ՀՀ Սփիւռքի նախարարը շնորհեց լիբանանահայ երիտասարդ Արարատ Ճէրէճեանին, որ կ՛աշխատի «Emirates» օդանաւային ընկերութեան մէջ` որպէս ուղեկցորդ: Արարատը հետաքրքրական և ազգասիրական նախաձեռնութեան հեղինակ է (որուն մասին ատենին «Զարթօնք» անդրադարձած էր):
Աշխատանքի բերումով այցելելով տարբեր երկիրներ՝ ան իր ազատ ժամանակը կ՛օգտագործէ տեղացի պատահական անցորդներուն պատմելով Հայ ազգի ու Հայաստանի մասին: Արարատը յուշանուէրներ կը նուիրէ անոնց՝ հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցելով նաեւ հայկական մշակոյթին մասին: Իսկ հանդիպման աւարտին հայկական եռագոյնով կը լուսանկարուի տեղացիներուն հետ ու կը տարածէ ընկերային համացանցի վրայ: Արարատի ըրածին ազդեցութիւնը այնքան խոր ազդած է ուկանտացի «բախտաւոր» պատահական անցորդ երիտասարդի մը վրայ,, որ իր տուն դարձին իր քրոջ նորածին զաւակին Արարատ կոչել տուած է…: «Ամէն Հայ կրնայ իր ձեւով օգտակար ըլլալ Հայրենիքին: Ես կը յուսամ, որ գտած եմ իմ ձեւը». Իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսաւ Արարատ Ճէրէճեան:
Հանդիպման ներկայ էր «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ երիտասարդները խրախուսելուն ու անոնց ուժին հաւատալուն համար: