Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

«Կոմիտաս» Պանթէոնին Մէջ Բացուեցաւ Օֆելիա Համբարձումեանի Յուշարձանը

«Ես կը խոնարհիմ այս անունին առջեւ»,- Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ  ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստուհի Օֆելիա Համբարձումեանի յուշարձանի բացման արարողութեան ժամանակ ըսած է  ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ Ռուբէն Մաթեւոսեան, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:

Ան նշած է, որ իրեն համար Օֆելիա Համբարձումեանը դարաշրջան է, իբրեւ երգչուհի` անզուգական երեւոյթ. «Ժողովրդական է, ժողովուրդի հոգիէն, ժողովուրդին համար է, ժողովրդի գիտակցութիւնը, ձայնը արտաբերած է Երեւանէն մինչեւ աշխարհի բոլոր անկիւնները»:

ՀՀ ժողովրդական արտիստ Ռաիսա Մկրտչեանի համար Օֆելիա Համբարձումեան նոյնպէս անկրկնելի է, ազգային երգարուեստի ամենաբարձունքն է:

Ռ. Մկրտչեան յիշած է, որ դեռ դպրոցական տարիքին առաջին անգամ լսած է Օ. Համբարձումեանը:

«Մեզ տարին «Անահիտ» հեքիաթի ֆիլմը դիտելու: Օֆելիան կը կատարէր «Աղբիւրի մօտ» երգը: Սիրահարուեցայ այդ ձայնին` կարկաչուն, պարզ, թափանցիկ: Ուղղակի ամբողջ կեանքիս մէջ այդ երգը ինծի հետամուտ կ՛ըլլար»,- նշած է երգչուհին:

Քանդակագործ Էմին Պետրոսեան իր աշխատանքին մէջ ներկայացուցած է երգչուհիին յաւերժական ըլլալու գաղափարը:

«Խորհրդանշական է, չկայ կերպարային կառուցուածք: Ընտանիքի ցանկութիւնն էր, որ ըլլայ ուղղակի կառուցոաւծքային աշխատանք: Էսքիզները ընելէն, քննարկումներէն ետք եկանք այս տարբերակին: Աշխատանքը կը ներկայացնէ ջուրի շրջափուլը, որ, ըստ ինծի, կը խորհրդանշէ յաւերժութիւն: Իր կերպարը մարմնաւորած եմ կաթիլի մէջ: Ըստ ինծի՝ ինք այդ մշակոյթի, ծովի մէկ կաթիլն էր: Լաւատես եմ, որ նման կաթիլներ դարձեալ կ՛ըլլան»,- ըսած է քանդակագործը:

Քանդակին քարը` տրաւերտին, քանդակագործը ինք ընտրած է. «Հետաքրքրական զարդաքար է, որ կառուցուածքի հետ համահունչ, նոյնիսկ ծակոտկեները: Այս քարին բաց  գոյնը կնոջ կերպարին համահունչ է»:

Յիշեցնենք, որ Օֆելիա Համբարձումեան մահացած է 2016-ի Յունիս 13-ին  91 տարեկանին:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին