Իրանահայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանի խօսքով` օրեր առաջ Իրանի խորհրդարանին մէջ ընդունուած Նորդուզ-Մեղրի սահմանային դարպասի համատեղ օգտագործման մասին օրինագիծի ընդունումը շահաւէտ էր երկուստէք․ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հնարաւորութիւն կը ստանայ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալել 70-80 միլիոննոց շուկայի մէջ, իսկ Իրան այդ համաձայնութեան միջոցով կրնայ համագործակցիլ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու հետ:
Իրանահայ պատգամաւորը «Tert.am»-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է, որ օրինագիծը մեծ թիւով պատգամաւորներու քուէարկութեան շնորհիւ ընդունուեցաւ Իրանի խորհրդարանականին կողմէ, ընդամէնը երկու պատգամաւոր դէմ քուէարկած է, որ կազմած է ընդամէնը 1 տոկոսը, 70 տոկոսը կողմ քուէարկած է, մնացած մասն ալ չէ մասնակցած քուէարկութեան, ինչ որ Կարէն Խանլարեանը օրինաչափ համարեց:
«Առեւտրային, տնտեսական համագործակցութեան համար բաւական արժէքաւոր համաձայնագիր է, որուն շուրջ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր դեռ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Հասան Ռոուհանիի հանդիպման ընթացքին: Իրանի խորհրդարանին մէջ արդէն օրինագիծը հաստատուեցաւ»,- ըսած է ան:
Իրանահայ պատգամաւորը նշած է, որ օրինագիծը պիտի հեշտացնէ մաքսային գործընթացները երկու երկիրներու միջեւ: «Ենթադրելի է, որ բաւական պիտի իջեցնէ մաքսատուրքերու չափը: Կը կարծեմ` առեւտրային ոլորտը երկու երկիրներու միջեւ պիտի վերաճի ռազմավարական մակարդակի»,- ըսած է ան:
Կարէն Խանլարեանի խօսքով` Իրանի կառավարութեան կողմէ բաւական դրական արձագանգներ եւ մասնագիտական լաւ կարծիքներ հնչած են վերոնշեալ համաձայնագրի հետ կապուած, բոլոր հարցերէն կողմերը տեղեկացուած են եւ պատրաստ են լուծելու` սկսած մաքսատնային խնդիրներէն մինչեւ ապրանքներու տեսականիի ընտրութենէն եւ ընդլայնումէն:
«Հետաքրքրութիւն գոյութիւն ունի Իրանի մէջ հայաստանեան շուկայի տարբեր արտադրանքներու նկատմամբ: Ինծի համար հետաքրքրական է այն փաստը, որ Իրան կը ցանկայ համագործակցիլ հայկական նորագոյն արհեստագիտական ոլորտի ընկերութիւններու հետ»,- ըսած է ան:
Հայաստանի հետ Իրանի փոխյարաբերութիւններու ռազմավարական մակարդակը` անկախ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական իրադրական վիճակէն, անփոփոխ է եւ շատ աւելի խորքային:
«Նորդուզ-Մեղրի սահմանային դարպասի համատեղ օգտագործումը ոչ միայն ուժանիւթի բարեյաջող օգտագործման համար հող կը պատրաստէ, այլ նաեւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ազատ տնտեսական գօտիներ ստեղծելու: Իրանութեան մէջ կայ մեծ ազատ տնտեսական գօտի, կը նախատեսուի արդէն Մեղրիի մէջ նման բան հիմնել: Կ՛ենթադրուի, որ հնարաւորութիւն ստեղծուած է նաեւ հիտրոքաղաքականութեան համար, այսինքն` Արաքսը կրնայ օգտագործուիլ ջրաելեկտակայաններ հիմնելու համար»,- ըսած է ան:
Իրանական խորհրդարանի հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալելը, Կարէն Խանլարեանի խօսքով, բաւական հեշտ է: «Իրանի քաղաքական միտքը բաւական հզօր անցեալով եւ բաւական իդէալիստական մօտեցումներով մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Խորհրդարանին մէջ այդ մթնոլորտը առկայ է, պատգամաւորները հետաքրքրուած են Հայաստանի հետ համագործակցելու հարցով,- ըսած է նա` նկատելով, որ Հայաստանն ալ իր կողմէ կը կատարէ իրմէ պահանջուող համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահելու ուղղութեամբ,- Հայաստանի մէջ կայ այդ բարձր ռազմավարական համագործակցութեան գիտակցութիւնը եւ կամքը, եւ, յուսով եմ, այդ համագործակցութիւնը երկար ժամանակ կը շարունակուի»: