Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեղեկատւութիւնը, թէ հայկական ուժերու անօդաչու թռչող սարքի հարուածէ մը վիրաւորուած է զինուոր Մուրազ Պապաքիշիեւ, հերթական ապատեղեկատուութիւն է: Այս մասին կը յայտարարէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վստահեցնէ, որ առաջնագիծին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ յարաբերական հանգիստ, պարզապէս ազրպէյճանական քարոզչամեքենան կ՛աշխատի իր ոճով` փորձելով ապատեղակատւութիւններ տարածելու եղանակով մոլորութեան մէջ ձգել ինչպէս իր, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին ո՛չ միայն չեն օգտագործած անօդաչու թռչող սարքեր, այլեւ կը շարունակեն խստիւ հետեւիլ զինադադարի պահպանման դրութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: