Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Լեւոն Լաճիկեանի Գծանկարչական Աշխատանքներու Անհատական Ցուցահանդէսը՝ «Պոլիս Եւ Անդին»ը Նիւ Եորքի ՄԷջ

«Պոլիս Եւ Անդին». այսպէս կը կոչուէր վերջերս Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը, որ 15րդն է անոր ստեղծագործական կենսագրութեան մէջ: Յայտնի գեղագէտ-գծանկարիչը իր ուշադրութիւնը վերջին տարիներուն կեդրոնացուցած է Պոսֆորի ափին փռուած այդ պատմական քաղաքի անցեալին ու ներկային վրայ: Վկայութիւնը դէպի Կ. Պոլիս-Սթամպուլ կատարած անոր 3 այցելութիւններն են, որոնց նպատակը ոչ միայն «Պոլսոյ թաղերուն մէջ» պտոյտ կատարելը եղած է, այլ նաեւ անոր անանց հմայքը մեզի փոխանցելը:

«Պոլիսը նախ գրաւիչ է իր բնական գեղեցկութեամբ՝ Պոսֆորի նեղուց, Իշխանաց կղզիները եւ այլն, «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին կը պատմէ Լեւոն Լաճիկեան՝ աւելցնելով. «Անիկա գրաւիչ է նաեւ իր բազմամշակոյթ միջավայրով ու տարբեր քաղաքակրթութիւններու՝  ներառեալ հայկական, գոյութեամբ»:

Լեւոնի պատկերաշարին մէջ մեր առջեւ մեծապէս հայ Պոլիսն է կամ, ինչպէս տեղացի հայերը կ’ըսեն՝ «մերին Պոլիսը»:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ պոլսահայութիւնը 100 եւ աւելի տարիներ ապրած է եւ կ՛ապրի 1915ի դառն յիշողութեամբ եւ անոր յաջորդած քաղաքական ու տնտեսական ահաբեկումներով։  Ու հակառակ այդ բոլորին, Պոլսոյ մէջ այսօր կը շարունակէ ապրիլ աշխոյժ հայ համայնք մը, որուն կենսունակութեան ցուցիչներէն լաւագոյնը թերեւս այնտեղ հրատարակուող հայ մամուլն է՝ «Ժամանակ», «Մարմարա», «Ակօս», «Լոյս» թերթերը եւ «Փարոս» մշակութային ամսագիրը», կը յայտնէ արուեստագէտը։

Այս անգամ արուեստագէտը Նիւ Եորք մեկնած էր տեղի պոլսահայ շրջանակներուն հրաւէրով: Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «Թուֆայեան» սրահին մէջ բացուած ցուցահանդէսը ուղեկցուած է հետաքրքրական դասախօսութեամբ՝ «Պոլսոյ դերը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ» թեմայով: Բանախօսը ներկայացուց յայտնի եւ անյայտ փաստեր ոչ միայն Պոլսոյ անցեալէն, այլ նաեւ ներկայէն՝ մասնաւորապէս նշելով, որ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք Սփիւռքի մէջ նկատելի է Պոլսոյ գրամշակութային յառաջատար դերի վերադարձն ու վերահաստատումը:

Ըստ բանախօսին՝ ինք մեծ տեղ յատկացուցած է պոլսահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ գլխաւորը հայախօսութեան մակարդակի շեշտուած անկումն է: Հարցը այն է, որ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այսօր տեղւոյն երիտասարդ հայ սերունդի միայն 9 տոկոսը կը խօսի մայրենիով: Աւելին, բանախօսին տուեալներով՝ տարուէ տարի կը պակսի ոչ միայն Պոլսոյ վարժարաններ յաճախողներու, այլեւ ուսուցիչներու թիւը: Այս առումով ան ունկնդիրներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց թրքահայ ուսուցչաց միութեան 50ամեայ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Ներկաներու հարցումներն ու քննարկումները շարունակուած են 40է աւելի գծանկարներու առջեւ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը՝ 1300 տոլար, փոխանցուեցաւ Գիւմրիի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Օգտուելով առիթէն՝ Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտը նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալը փոխանցած է Պոլսահայ օգնութեան միութեան (CARS) պատասխանատուներուն:

Լեւոն Լաճիկեանի ամերիկեան այցի վերջին կանգառը եղաւ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ անոր գծանկարներու շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ընթացքին հեղինակը տեղւոյն հայ համայնքին նուիրած է եկեղեցին պատկերող նկար մը, որմով մեկնարկած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրման 60ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շարքը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին