Չորեքշաբթի, 28. 05. 2025

spot_img

Եկ Արցախ. Զբօսաշրջիկներուն Կրնայ Հիացնել Տողի Մելիքական Ապարանքն ու Գինիի Համի Գաղտնիքը

*ՍԻՒԶԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ*

Նախկին բերդաքաղաք Տողի կեդրոնին մէջ Մելիք Եգանի պալատական համալիրն է` Մելիքական ապարանքը` կառուցուած 19-րդ դարուն:

ժամանակի ընթացքին հինցած ու քանդուած ապարանքը պատմամշակութային արգելոց է, որուն տարածքին իրականացուած պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած իրերուն կարելի է ծանօթանալ ուղղակի ներսը: Կառոյցը եզակի է անով, որ Արցախի հինգ մելիքութիւններու ապարանքներէն միակն է, որ պահպանուած է:

Տող գիւղը այժմ ունի շուրջ 800 բնակիչ, երեք եկեղեցի` Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Ստեփանոս եւ Անապատ, մանկապարտէզ, դպրոց, ուր կը յաճախէ 150 աշակերտ, ինչպէս նաեւ արուեստի դպրոց, ուր թէ՛ Տողի, թէ՛ յարակից գիւղերու աշակերտները կը յաճախեն երաժշտութեան, կիրառական արուեստի, պարի դասերու:

Ապարանքի զբօսավար Ռուզաննա Խաչատրեանի խօսքով` զբօսաշրջիկներուն հոսքը կը սկսի Մայիսին եւ կ’աւարտի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին, սակայն գիւղը չունի ո՛չ հիւրանոց, ո՛չ հիւրատուներ:

«Եղած են, որ մէկ-երկու օրով եկած, հիւրընկալուած են մէկուն տան մէջ, բայց այդպիսի տեղեր չունինք: Զբօսաշրջութեան վարչութեան մէջ կը մտածեն աշխատելու բնապահպանական զբօսաշրջութեան ուղղութեամբ. ըսեմ, որ այստեղ վերը իբրեւ լաւ ժողովրդական ճարտարապետութեան նմուշներ պահպանուած են որոշ տուներ, որոնք վերականգնելու պարագային կրնան ծառայել իբրեւ գեղեցիկ ոճով հիւրատուներ. ատիկա արդէն նիւթականի հարց է»,- նշած է ան:

Ապարանքի տարածքին շատ շուտով` Սեպտեմբեր 16-ին, արդէն 4-րդ անգամ, պիտի իրականացուի Արցախեան գինիի փառատօնը, որ, ըստ Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագրերու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանի`  կը ներառուի զբօսաշրջային ընկերութիւններու փաթեթներուն մէջ: Զբօսաշրջիկները կու գան եւ այլ գինիներու հետ միասին կը համտեսեն աշխարհի շարք մը երկիրներու համար գիւղի այցեքարտը համարուող «Կատարո» գինին, որուն գործարանը ապարանքի մօտակայքն է:

Դեռ 15 տարի առաջ Աւետիսեաններու ընտանիքը չէր ալ պատկերացներ, որ սեփական արտադրանքը օր մը պիտի համալրէ լաւագոյններուն շարքը: Գինեգործարանի հիմնադիր Էդիկ Աւետիսեանը, դեռ տարիներ առաջ դժգոհ ըլլալով խաղողի համար առաջարկուող գումարէն, բերքը ետ բերած է, գինի ստացած ու բաժնած է բարեկամ, հարեւաններուն, ապա մտածած` իսկ ինչու չստեղծել սեփական գինին:

«Կ’ուզէինք գիտնալ` խաղողնիի տեսակէն կրնանք գինի ստանալ` որակով»,- ըսած է ան:

Եղանակային հաւաքին ժամանակ արտադրամասի աշխատակիցներով` 40-45 հոգիով, ձեռք ձեռքի կու տան, կ՝ընտրեն լաւը եւ կը ստանան գինին, որուն մասին իրենց գնահատականը տուած են նաեւ արտերկրէն ժամանած փորձագէտները:

«Կու գան շատ փորձագէտներ, կը տանիմ անոնց այգի, կ՝ուսումնասիրեն հողը, կ՝ըսեն` արտասահմանի մէջ որ ուզենք այս համն ու հոտը ստանալ, անպայման ուրիշ բաներ կը խառնենք, ի՞նչ բան է, որ բոյրը նոյնինքն այստեղ է, չեն գիտեր` գաղտնիքը կեղեւին մէջ է, հատիկներուն մէջ»,-ըսած է Էդիկ Աւետիսեանը եւ աւելցուց, որ 10 հազար շիշի արտահանումէն արդէն իսկ հասած են 70 հազարի:

«Կատարո»-ն տեղական եւ միջազգային շուկաներուն կ՝առաջարկէ գինիի սպիտակ, կարմիր եւ «Rose» տեսակները: Գինին կ՝արտահանուի Սպանիա, Չեխիա, Ռուսիա, Ամերիկա, Անգլիա, Մերձպալթեան երկիրներ, իսկ շուտով` նաեւ Գանատա:

ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի «Բացայայտէ քեզի համար քու երկիրդ» արշաւին ծիրէն ներս՝ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան հետ համատեղ, Յուլիս 22-24-ը հայաստանեան շարք մը ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած էր ճանաչողական այց դէպի Արցախ: Հայաստանեան 5 լրատուական ընկերութիւններու 8 ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած են շարք մը պտոյտներ դէպի Արցախի հիմնական զբօսաշրջավայրեր, տեղեկատւութիւն փոխանցուած է արցախեան զբօսաշրջային ներուժի, Արցախի մէջ գործող թանգարաններու, պետական պատմամշակութային ու բնապատմական արգելոցներու, հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներու եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին առչնուող այլ ուղղութիւններու մասին` նիւթեր պատրաստելու եւ զբօսաշրջիկներուն ներկայացնելու նպատակով:

Լուսանկարները` Տաթեւ Դուրեանի
Artsakhpress.am

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին