Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց (IT) հայաստանեան ոլորտը անցեալ տարի մրցանշային աճ արձանագրած է՝ 38.2 տոկոս:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, եթէ նախորդ ինը տարիներուն հայաստանեան ամբողջ տնտեսութեան միջին տարեկան աճը կազմած է 1.9 տոկոս, տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջին տարեկան աճը կազմած է 12.7 տոկոս:
ՏԱ ձեռնարկութիւններու միութեան ղեկավար Կարէն Վարդանեանի խօսքով՝ նորութիւնը ոլորտէն ներս որակական աճն է: Աստիճանաբար աւելի շատ հայաստանեան խումբեր, ընկերութիւններ յայտնի կը դառնան ՏԱ-ի միջազգային հարթակին վրայ:
«Սեփական արտադրանքներ պիտի ըլլան, որոնք միջազգային շուկայի մէջ կը սկսին յաջողութիւն ունենալ: SoloLearn-ի, պորտմանի ծրագիրի, PIcsArt-ի շարունակական յաջողութիւնները կը տեսնենք։ Մեր ընկերութիւնները, նոյնիսկ անոնք, որոնք միջազգային են, Երեւանը կը դարձնեն կեդրոն: Նոյնը, օրինակ, National Instrument-ը այսօր ճարտարագիտական կեդրոն է National Instrument ընկերութեան համար, ամբողջ Եւրոպայէն մինչեւ Սինկափուր լուծումներու համար»,- յայտնեց Վարդանեան:
Armphone եւ Armtab արտադրող Technology and Science Dynamics ընկերութեան տնօրէն Վահան Շաքարեանի խօսքով՝ ՏԱ ոլորտի հայաստանեան ընկերութիւններու նման յաջողութիւնը ամէն բանէ առաջ կը բացատրուի արտահանման աճով:
«Ասիկա կը բացատրէ ՏԱ ոլորտի ընկերութիւններու համաշխարհային շուկայ մտնելու հնարաւորութիւնները՝ արտահանման, համատեղ աշխատանքներու շնորհիւ: Իմ երեք տարուան Հայաստանեան գործունէութեանս ընթացքին ատիկա շօշափելի կը նկատեմ»,- ըսաւ Շաքարեան:
Որպէսզի աճը կայուն դառնայ, ոլորտի ներկայացուցիչները անհրաժեշտ կը նկատեն կառավարութեան աջակցութիւնն ու կրթական համակարգի բարեփոխումները:
«Մեր աճը այսօր կը սահմանափակուի մասնագիտական խիստ պակասով: Այսինքն, կրթական համակարգը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է, գրեթէ գոյութիւն չունի, օրինակ, համալսարանական կրթութիւնը: Միջին մասնագիտական գոյութիւն չունի»,- ըսաւ Կարէն Վարդանեան: