Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

2016-ին Հայաստանի Մէջ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեանց (IT) Ոլորտը Աճած է 38.2 Տոկոսով

Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց (IT) հայաստանեան ոլորտը անցեալ տարի մրցանշային աճ արձանագրած է՝ 38.2 տոկոս:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, եթէ նախորդ ինը տարիներուն հայաստանեան ամբողջ տնտեսութեան միջին տարեկան աճը կազմած է 1.9 տոկոս, տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջին տարեկան աճը կազմած է 12.7 տոկոս:

ՏԱ ձեռնարկութիւններու միութեան ղեկավար Կարէն Վարդանեանի խօսքով՝ նորութիւնը ոլորտէն ներս որակական աճն է: Աստիճանաբար աւելի շատ հայաստանեան խումբեր, ընկերութիւններ յայտնի կը դառնան ՏԱ-ի միջազգային հարթակին վրայ:

«Սեփական արտադրանքներ պիտի ըլլան, որոնք միջազգային շուկայի մէջ կը սկսին յաջողութիւն ունենալ: SoloLearn-ի, պորտմանի ծրագիրի, PIcsArt-ի շարունակական յաջողութիւնները կը տեսնենք։ Մեր ընկերութիւնները,  նոյնիսկ անոնք, որոնք միջազգային են, Երեւանը կը դարձնեն կեդրոն: Նոյնը, օրինակ, National Instrument-ը այսօր ճարտարագիտական կեդրոն է National Instrument ընկերութեան համար, ամբողջ Եւրոպայէն մինչեւ Սինկափուր լուծումներու համար»,- յայտնեց Վարդանեան:

Armphone եւ Armtab արտադրող Technology and Science Dynamics ընկերութեան տնօրէն Վահան Շաքարեանի խօսքով՝ ՏԱ ոլորտի հայաստանեան ընկերութիւններու նման յաջողութիւնը ամէն բանէ առաջ կը բացատրուի արտահանման աճով:

«Ասիկա կը բացատրէ ՏԱ ոլորտի ընկերութիւններու համաշխարհային շուկայ մտնելու հնարաւորութիւնները՝ արտահանման, համատեղ աշխատանքներու շնորհիւ: Իմ երեք տարուան Հայաստանեան գործունէութեանս ընթացքին ատիկա շօշափելի կը նկատեմ»,- ըսաւ Շաքարեան:

Որպէսզի աճը կայուն դառնայ, ոլորտի ներկայացուցիչները անհրաժեշտ կը նկատեն կառավարութեան աջակցութիւնն ու կրթական համակարգի բարեփոխումները:

«Մեր աճը այսօր կը սահմանափակուի մասնագիտական խիստ պակասով: Այսինքն, կրթական համակարգը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է, գրեթէ գոյութիւն չունի, օրինակ, համալսարանական կրթութիւնը: Միջին մասնագիտական գոյութիւն չունի»,- ըսաւ Կարէն Վարդանեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին