Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Հոգեւոր Հայրը Այն Երջանիկներէն էր, որ Աշխարհ Եկաւ Յատուկ Առաքելութեամբ եւ Կեանքէն Հեռացաւ Պայծառ Յիշատակով. ՀՀ Սփիւռքի Նախարար

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Անթիլիասի  միաբանութեան եւ  սրբազանի  հարազատներուն,

Ցաւով տեղեկացանք  Տ. Նորայր  եպս.  Աշըգեանի վախճանման բօթը, որ առանձնակի ցաւ ու կսկիծ պատճառեց բոլորիս: Անժամանակ էր մահը հայ նուիրեալ  հոգեւորականին, ով Աստուծոյ հաւատարիմ իր ողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Հոգեւոր Հայրը այն երջանիկներէն էր, որ աշխարհ եկաւ յատուկ առաքելութեամբ եւ կեանքէն հեռացաւ պայծառ յիշատակով: Անոր հոգեթով ձայնով աղօթքները, իմաստալից քարոզները, հայաշունչ ճառերը, ծննդավայր Քեսապէն ժառանգած ոգիի տոկունութիւնը, առանձնակի պատկառանք կը հաղորդէին հոգեւորականի իր նկարագրին։

Սրբազան հօր գործունէութիւնը միշտ բարձր գնահատուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէն: Այդ մասին կը վկայէ Արամ Ա  Կաթողիկոսի տարեսկզբին Սուրիա այցին՝ Սրբազան հօր պատուիրակութեան անդամ ըլլալը, ապա նաեւ վերջին տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի  տպարանի  վարիչի  պաշտօն ստանձնելը:

Երկար տարիներ հովուական ծառայութիւն մատուցելով Գամշլիի հայկական համայնքի մէջ՝ իբրեւ Ճէզիրէի փոխանորդական առաջնորդի, ան վայելած է տեղի հայութեան վստահութիւնն ու համակրանքը եւ մինչեւ վախճանը կապը շարունակած է իրեն հարազատ դարձած շրջանի զաւակներուն հետ, ինչը կը վկայէ հոգեւորականի երախտագիտութեան մասին։

Մխիթարուինք այն գիտակցութեամբ, որ Սրբազան հօր անմահ հոգին երկնքի անդաստանին մէջ միշտ կը գտնուի  լոյսերու մէջ:

Սրտի խորը կսկիծով`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին