Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Կը Վերահրատարակուի Թումանեանի Երկերու 10-հատորեակը. Դեւրիկեան

Յովահաննէս Թումանեանի 150-ամեակի ծիրէն ներս բազմաթիւ ձեռնարկներ պիտի իրականացուին, որոնց շարքին են նաեւ բուն գիտական ուսումնասիրութիւնները, լրագրողներու հետ այսօր կայացած հանդիպման ժամանակ ըսած է գրականագէտ Վարդան Դեւրիկեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ձեռնարկներու ծիրէն ներս պիտի վերահրապարակուի մեծ գրողի երկերուն 10 հատորեակը: Ատիկա, սակայն, պարզունակ վերատպում պիտի չըլլայ, այլ պիտի ներառէ ուշ յայտնաբերուած ձեռագիրներ ու ծանօթագիրներ, որոնք նախապէս հարկադրաբար տպագրուած են հատորեակներէն դուրս: Նոր տպագրութիւնը էական տարբերութիւններ պիտի ունենայ, ծանօթագրութիւններն աւելի մանրամասն եւ շատ պիտի ըլլան: Այժմ վերահրատարակուած է տասը հատորներէն երկուքը, երրորդը պիտի տպագրուի, երբ հովանաւորներ գտնուին:

«Երկրորդ հատորը կ՛աւարտի 1914 թուականով, երրորդ հատորը պիտի աւարտի` 1917-ով: Ընդհանուր առմամբ, գրողի կեանքին տարեգրութեան կը վերաբերին տասը հատորներէն չորսը»,- նշած է գրականագէտը:

Վարդան Դեւրիկեան նշած է նաեւ, որ հայ մեծ գրողի ստեղծագործութիւններուն հանրահռչակման համար անհրաժեշտ է լուրջ միջոցներ եւ ժամանակ` անոնք պատշաճ որակով թարգմանելու եւ ներկայացնելու օտարերկրեայ ընթերցողին: Գրականագէտը միաժամանակ յոյս յայտնած է, որ Յովհաննէս Թումանեան եւ Կոմիտաս պիտի ընդգրկուին ԵՈՒՆԵՍՔՈՅԻ մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին