Միացեալ Նահանգերու մէջ կատարած այցելութիւններուն ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2017-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Հանդիպումին կը մասնակցէր ամերիկահայ համայնքի հասարակական գործիչ Լեւոն Քէշիշեանը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որպէսզի առաջնորդ սրբազանը իրազեկ դառնայ Լիբանանի մէջ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ծաւալած մշակութային, մարզական, սկաուտական, երիտասարդական, համալսարանական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծաւալած գործունէութեան: ՀԵԸ-ի ատենապետը առաջնորդ սրբազանին նուիրեց նորերս լոյս տեսած ՀԵԸ-ի 2013-2015 տարեշրջաններու գործունէութիւնը պարփակող գունաւոր-պատկերազարդ «Տեղեկատու»ն, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄ-110 եւ ՀԵԸ՝-85 ամեակներու առիթով լոյս ընծայուած «Ալպոմ»ը: Փոխադարձաբար, առաջնորդ սրբազանը իր հեղինակած աշխատութիւններէն կարգ մը գործեր մակագրեց եւ նուիրեց իր հիւրերուն:
Յովնան Արք. Տէրտէրեան մեծապէս գնահատեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ազգանուէր աշխատանքները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց զոյգ միութիւններուն: