Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Գանձասար-777

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

777 տարի առաջ՝ Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնին՝ Վարդավառին, օծուած է Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին։ Շինարարութիւնը աւարտած է աւելի շուտ, օծումը յետաձգուած էր՝ Պայծառակերպութեան տօնին իրականացնելու նպատակով։ «Իշխան Հասան Ջալալը յատուկ այդ օրը ընտրած էր։ 1238-ին աւարտած է տաճարի կառուցումը։ Բայց սպասած է մինչեւ 1240, որ նոյն Պայծառակերպութեան օրը կատաուի օծումը».- կ’ընդգծէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը։

Այդ էր, 2017-ի Վարդավառը Գանձասարի մէջ առանձին շուքով տօնելուն առիթը։ Տօնին մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ։ Բազմաթիւ հիւրեր ժամանած էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն։ Երեւանէն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը հասած էր Արցախ, Իրանէն` Թեհրանի թեմի առաջնորդովը։ Գանձասարի մէջ տօնին նուիրուած Սուրբ պատարագ մատուցուած է՝ հարիւրաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ՝ ոչ միայն Արցախէն, այլեւ՝ ՀՀ-էն եւ Սփիւռքէն։

«Ի հարկէ մենք պարտաւոր ենք այստեղ ըլլալու։ Ասիկա մեր հնութիւնն է, ասիկա մեր հպարտութիւնն է, որ մեր նախնիները կառուցած են եւ դարերու խորքէն հասած է մեզի»,- կը նշէ ուխտաւորներէն Ռատիկ Ալաւերտեանը։ «Ասիկա հպարտութիւն է։ Մենք հպարտ ենք անով, որ մեր նախնիները այդպիսի գործեր ըրած են մեր ժողովուրդին համար, քրիստոնէութեան համար»,- կը լրացնէ այլ ուխտաւոր մը՝ Ժասմէն Ասրեանը։ 

Գանձասարի մասին գրաւոր յիշատակութիւնները ի մի բերուած են Երեւանի
Մաշտոցի անուան մատենադարանի Արցախի մասնաճիւղին մէջ։ Տօնին ընդառաջ՝ Գանձասարի մէջ կեանքի կոչած են նաեւ բարեկարգման եւ հրատարակչական աշխատանքներ։ Բարերարներուն եւ Գանձասարի վանահայր Սահակ Շաքարեանին Արցախի նախագահը պարգեւատրած է երախտագիտութիւն մետալով։ «Շատ ուրախ ենք, որ հայրենիքը կը ճանչնայ եւ կը գնահատէ զինք սիրող, իրեն համար աշխատող մարդոց»,- ուրախութիւնը չի թաքցներ բարերարներէն Վարուժան Բաղրամեանը։

 Տօնը շարունակուած է նաեւ եկեղեցիէն դուրս։ «Գանձասարի մէջ համերգին մասնակցելու մեր հրաւէրին ուրախուծթեան արձագանգած են բոլոր խումբեսրը՝ թէ ՀՀ-էն եւ թէ Արցախէն։ Շատերը անգամ հրաւէրի չեն սպասած՝ ինքնաբուխ եկած են Գանձասար»,- կը պատմէ Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը։ Համերգային ծրագիրը արցախեան եւ հայաստանեան խումբերու մասնակցութեամբ էր, շուրջպարը՝ բոլոր փափաքողներու։

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին