Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Առաքելական Շունչ Մը Սիտնիի Մէջ

*ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ*

2 Յուլիս 2017 թուականը Աստուածաշնչական էր ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի Մասնաճիւղի Ա. Մանուկեան Մշակութային կեդրոնէն ներս, ուր կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի եւ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարան- չական Ընկերակցութեան միասնական ջանքերով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան, մեր օրերու «Պօղոս առաքեալը», որ գործի առաքելութեամբ հասած էր այս հեռաւոր ովկիանոսի ափերը, իր պաշտօնին բերումով, որպէս Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար:

Հրայր Ճէպէճեանի աշխատանքը իր ասպարէզին մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենական, ազգային ճակատին վրայ քաջ ծանօթ է եւ անկասկած սիրուած, յարգուած, փնտռուած եւ մանաւանդ գնահատուած: Իր այցելութիւնը հաճելի անակնկալ մըն էր շատերուն, մանաւանդ անոնց համար, որոնք առիթը ունեցած են զինք մօտէն ճանչնալու եւ երկար տարիներու թաւալումէն վերջ կրկին հանդիպելու: Լեռը՝ լերան ոչ, բայց մարդը՝ մարդուն վաղ թէ ուշ անպայման կը հանդիպի: Հրայր Ճէպէճեան մեր օրերու իսկական ծիծեռնակը, արագիլը, կռունկը դարձած է անոնց փոխանցուած ազգային-ժողովրդական արժանիքներով եւ դարձած Սփիւռք-Հայաստանի կամուրջ: Հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, բայց հաւատարիմ իր անհատնում պատրաստակամութեան եւ ազգային նուիրումին, առիթ ստեղծեց դասախօսական այս երեկոյին եւ հանդէս եկաւ «Սփիւռքահայ իրականութիւններ-տարբերութիւններ եւ հասարակաց հիմնահարցեր» լայնածաւալ նիւթով:

Երեկոյի հանդիսութեան բացումը, պատշաճ բարի գալուստով, կատարեց ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի Մասնաճիւղի Վարիչ Տնօրէն Սարգիս Մանուկեան, ապա հրաւիրուեցաւ վերապատուելի Գրիգոր Եումուշագեան ներկայացնելու օրուայ բանախօսը որոշ կենսագրական գիծերով: Ճէպէճեանի եւ Եումուշագեանի  ծանօթութիւնը, բարեկամութիւնը սկսած է վաղ պատանեկան տարիներէն եւ ապա վերածուած մտերմութեան, համագործակցութեան եւ բնականաբար «Եղբայր ի Քրիստոս» նոյն առաքելութեան ծիրէն ներս:

Միջին Արեւելքը կրակ ժայթքող խառնարան մըն է, սակայն հոսող լաւային տակ չեն ծածկուիր բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ հարցերը, այլ ընդհակառակը կը բազմապատկուին առ երես գալով եւ շատ հաւանաբար, մանաւանդ հայորդիներ, տարբեր երկրամասերու մէջ եւ պայմաններու տակ, ունին որոշակի եւ շատ յաճախ իւրայատուկ մեկնաբանութիւն եւ նոյնիսկ ակնյայտ հետեւանք ու վճիռ: Տոքթ. Հ. Ճէպէճեան բառին բուն իմաստով լաւատես է. բայց առանց իր իրապաշտութիւնը կորսնցնելու նուազագոյն նշոյլով իսկ եւ ամբողջ դասախօսութիւնը ընթացաւ այդպէս:

Յետ Ցեղասպանութեան 100ամեայ գողգոթայի խաչմերուկին շատերը յուսահատած են եւ ունին արդէն վճիռներ: Ճէպէճեան կը թելադրէ չաճապարել եւ մանաւանդ Հալէպը կամ Սիրիահայու- թիւնը որպէս անդէնականի գրանցում չկատարել, բայց համբերել եւ մտածել օգնութեան եւ վերա- կերտումի միջոցներու եւ դրական լուծումներու մասին: Որպէս Աստուածավախ, հայրենասէր կը հաւատայ նախախնամութեան եւ Ճէպէճեանի համոզումը, մտածելակերպը, գործելակերպը փոխանցիկ է եւ ներշնչումի աղբիւր:

Սփիւռք հասկացողութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի սահմաններով հասկցուց Ճէպէճեան: Սփիւռքը այսօր միջազգային է եւ ունի ոչ միայն քաղաքական-տնտեսական առաւելութիւններ, թերութիւններ այլ նաեւ լեզուական, մշակութային, սկսած Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր ժողովուրդներու համար եւս:

 Շրջանի տագնապը քաղաքական-տնտեսական եւ զինուորական ըլլալով հանդերձ ունի նաեւ անհատական բնոյթ, ինքնագիտակցութեան ուղիով պայքար, պոռթկում, ընդվզում եւ ազատութեան ձգտում եւ նոյնիսկ յեղաշրջելու եւ տիրապետելու մղում ոչ անպայման փոփոխութիւն դէպի դրական, կենսական եւ շինիչ նպատակներով եւ հետեւաբար Ճէպէճեանի համար այս կրօնա-ազգային եւ քաղաքա-գաղափարական բախումը, մանաւանդ նոր սերունդին մօտ՝ անխուսափելի, նկատի առնելով նաեւ գիտական, ընկերային եւ հաղորդակցութեան, լրատուական մատչելի բոլոր հնարաւորութիւնները: Բնականաբար այս ամէնը ծնունդ տուած են նաեւ զօրաւոր ազգայնականութեան որ զգալի կերպով կարելի է տեսնել հեռաւոր ափերու վրայ հաստատուած, ոչ անպայման հայախօս հայորդիներու մօտ, որ իր փորձառութեամբ եւ վկայութեամբ մատնանշեց: Պահանջքը անսպառ է, սակայն պայմանները եւ միջոցները հաւասարապէս տրամադրելի են, մեր մտասեւեռումը պէտք չէ շեղի եւ հայակերտումը, հայապահպանումը պէտք է շարունակուի: Ճէպէճեան կը հաւատայ որ կրնաս լաւ, հոյակապ հայ ըլլալ առանց լեզուն խօսելու, բայց միեւնոյն ժամանակ կը նախընտրէ անշուշտ եթէ հայախօս մնաս այս խառնարանին մէջ:

Տոքթ Ճէպէճեան հարց պատասխանի ընթացքին, կրկին անդրադառնալով տարածաշրջանին մասին ընդգծեց որ Սուրիոյ պարագային եւ ընդհանրապէս, թշնամին այսօր աներեւոյթ է կամ նման չէ լիբանանեան մօտիկ անցեալի քաղաքացիական պատերազմին եւ կամ այլ մղուած ճակատներու: Հակամարտութիւնները առկայ են նաեւ ոչ միայն քաղաքական հոսանքներու, այլ նաեւ կրօնական համանման դաւանանքներու միջեւ:

Սփիւռքահայ իրականութիւները, հիմնահարցերը երիտասարդ հայրենիքի կողքին ինչպէս նաեւ Արցախի, Ճէպէճեանի համար զուգահեռ կ’ընթանան, որոնք կարիք ունին (մեր մեկնաբանութեանբ) ոչ կացինահար լուծումներու այլ սղոցային՝ առնելով եւ տալով միշտ հայրենիքը եւ Արցախը ի մտի ունենալով եւ ի վեր դասելով: Այս ուղղութեամբ հաճելի էր լսել նաեւ Ճէպէճեանի ներդրումը մանաւանդ Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան եւ անհատական աշխատանքով տարուած օժանդակութիւններուն մասին եւ անոնց կողքին Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ տպագրութեան տարբեր ծրագիրները, մանաւանդ մանկական Աստուածաշունչի մօտալուտ պատրաստութիւնը եւ հրատարակութիւնը 5000 տպաքանակով որ պիտի բաշխուի դպրոցներու եւ պատանիներու: Լուր մը որ բնականաբար ընդունուեցաւ ծափողջոյններով եւ նկատի առնելով Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350ամեակի տօնակատարութիւնները սիտնիի մէջ, տրուեցան նմանութիւններ Ոսկան Երեւանցիի հետ:

Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեայց սէրը, օգնութիւնը մեծ է եւ կը շարունակուի:
Զարմանալի չէ որ Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տէր Հայկազուն եպս. Նաճարեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, անդրադառնալով օրուայ հրատապ՝ կրօնական-ազգային հարցերու մասին որպէս հետեւանք դասախօսութեան ընթացքին արծարծուած կէտերուն, Ճէպէճեանը որակեց, Վարդանանց ոգիով ներշնչուած Ղեւոնդ Երէց: Վարձքդ կատար եղբայր Ճէպէճեան:
Թեթեւ հիւրասիրութեան ընթացքին, տրամադրուած ՀԲԸՄ-ի կողմէ, ներկաներ առիթ ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ զրուցելու Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հետ:

Եւ եղեւ երեկոյ եւ եղեւ լրումն …. եւ տեսին հայորդիք զի բարի է եւ տուն Թորգոմեան ցեղի կայ ի վերայ ժայռի:                               

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին