*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Խմբագրական Նօթ Այս Շարքին Մասին
Մեր այս թիւով եւ շաբաթական դրութեամբ հրատարակելի (ամէն Երեքշաբթի),կը սկսինք «Զարթօնք»ի «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքը:
Իրաւացի է եւ՝ արդար «Հայաստանը թանգարան բաց երկինքի տակ» լոզունգը, սակայն նաեւ արդար է գիտակցիլ ու խօսիլ նաեւ այն իրականութեան մասին որ մեր հայրենիքը, ո՛չ միայն կը պարունակէ անցեալէն եկած ճարտարապետական՝ Եկեղեցի-Վանք ու Բերդ կամ բնութեան ստեղծած հրաշալիքներ, այլ նաեւ նոր ժամանակներու մարդակերտ մշակութային թանգարաններ ու գրադարաններ: Այս մէկը կը հաստատէ մեր ժողովուրդին ակնածանքն ու կապուածութիւնը իր դարաւոր մշակոյթին:
Մեզի համար հարց է թէ մերօրեայ զբօսաշրջիկը ո՞ւր կայցելէ մեր երկիրը ճանչնալու համար: Թերեւս կարգ մը յայտնի տեսարժան վայրերու շարքին՝ հանրատունե՞ր, քազինօ՞, սրճարաննե՞ր…: «Զարթօնք» իր «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքով կ’առաջարկէ եւ կը մղէ որ Հայաստան այցելող հայորդիները երթան մշակութային եւ արուեստի կեդրոններ՝ թանգարաններ ու գրադարաններ եւս մանաւանդ որ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մեր ստացած Հայ մշակութային գիտելիքը խեղճ է, ու ժխտապէս կ’ազդէ մեր հպարտութեան եւ նաեւ՝ ինքնութեան գիտակցութեան վրայ:
«Զարթօնք» իր այս շարքով համեստ փորձ մը պիտի ընէ Հայ զբօսաշրջիկը մղելու դէպի Հայ մշակոյթի գանձարաններ՝ սատարելու իւրաքանչիւր հայորդիի ազգային գիտելիքի ամրապնդումին, վերահաստատումին ու վերաորակաւորման: Մղելու մեր ընթերցողները առօրէական եւ կենցաղային մշակոյթէն դէպի հիմնարար մշակոյթ, ոչ թէ անցնիլ այլ ասոր ալ տեղ տալ…:
Ամէն Երեքշաբթի «Զարթօնք»ի մէջ տեղ պիտի գտնէ հարցազրոյց մը Հայաստանի Մշակութային Գանձարաններէն մէկուն տնօրէնին հետ: Այս առիթով մենք կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր վարժարաններու հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներուն օգտագործել հոս տեղ գտած տեղեկութիւնները՝ այժմէականացնելով հայագիտական դասաւանդութիւնը…: Մինչ եթէ այստեղ կամքէ անկախ պատճառներով սխալներ ալ սպրդին (լեզուական կամ ոճական) թող այն ալ սատարէ դասապահը համեմելու ուսուցիչին մատնանշումներով եւ առաջարկած սրբագրութիւններով..:
Շարքին մէջ տեղ գտած Հայ մշակոյթի անդաստանները իրենց կարեւորութեան շարքով կամ մեծութեան չափանիշով չէ որ պիտի հրատարակուին: Անոնց յաջորդականութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ զուտ գործնական եւ հասանելիութեան հիմքերու վրայ: Այս առիթով շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանին իրենց ցուցաբերած քաջալերանքին եւ պիտանի ցուցմունքներուն համար:
Եկէք միասնաբար պտոյտ մը ընենք Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն մէջ:
Խմբ.
Չարենցը խոհուն, զարգացած, մեծ մտքի տէր անձնաւորութիւն էր, անհանգիստ բնաւորութիւն, ըմբոստ եւ եռուն: Բոլո՛ր ազգերու գրականութիւնը գիտէր, լաւ կը ճանչնար, եւ մեծ ճաշակի տէր էր…
Չարենցի կորուստը յաւիտեան ողբալի է, եւ եթէ ան ողջ մնար, դեռ ինչեր կրնար ընել: Յամենայն դէպս ան ինչ որ տուաւ, ատիկա անմահ կոթող մըն է հայ գրականութեան մէջ…
Աւ. Իսահակեան
Հայ մեծ բանաստղծ Եղիշէ Չարենցի անունը կրող գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը կը գործէ աւելի քան ինը տասնամեակէ ի վեր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան խոշորագոյն մշակութային օճախներէն է: Հիմնադրուած է Հոկտեմբեր 1921-ին: Անիկա կ՝ընդգրկէ 18–րդ դարէն մինչեւ նորագոյն ժամանակաշրջանի գրականութեան, թատերարուեստի, երաժշտաարուեստի, շարժանկարի-արուեստի գրեթէ բոլոր մեծ գործիչներու արխիւները եւ այդ շրջանին գործած մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններուն վերաբերող հաւաքածոներ:
Այս մասին աւելի եւս լուսաբանուելու համար զրոյց մը ունեցանք Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանի հետ:
Կարօ Վարդանեանը 1994 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքը: Յետոյ ընդունուած է Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ուսումնարանի ասփիրանթուրան: Այնուհետեւ, անոր զուգահեռ, 1996-98 թուականներուն ուսանած է` այն ժամանակուան նորաբաց, Հայսատանի կառավարման ակադեմիային մէջ: 1998 թուականին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը «Խաչիկ Դաշտենցի ստեղծագործութիւնը» թեմայով: Այս ամբողջ ընթացքին աշխատած է հանրապետական մամուլին եւ գրականութեան ուսումնարանին մէջ՝ իբրեւ գիտական աշխատող: 1999 թուականէն կ»աշխատի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ, նախ՝ իբրեւ մամուլի քարտուղար, յետոյ՝ իբրեւ նախարարի գլխաւոր խորհրդական, իսկ 2005 թուականէն՝ մշակոյթի քաղաքականութեան վարչութեան պետ: Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրինութիւնը ստանձնած է 2011 թուականի Մայիսին:
«Զ.» – Պարոն Վարդանեան, ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնադրուած է թանգարանը:
Կ. Վ. – Թանգարանի ակունքները կը հասնին մինչեւ Սովետական Հայաստանի առաջին տարիները `1921 թուական: Ի հարկէ, թանգարանը այն ժամանակ այն տեսքը չունէր ինչպիսին է այսօր: Անիկա ձեւաւորուած է իբրեւ Հայաստանի լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիտէութեան կից Երեւանի մէջ ստեղծուած Պետական մշակութա-պատմական թանգարանի պատմագրական բաժին: Թանգարանը, ըստ էութեան, սկսած է գործել 1921 թուականին` շնորհիւ երեւելի բանասէր, պատմաբան Երուանդ Շահազիզի, որ Նոր Նախիջեւանէն (այժմ Տոնի Ռոստով) Երեւան բերած էր եւ թանգարանին յանձնած Միքայէլ Նալբանդեանի, Գաբրիէլ Պատկանեանի, Սմբատ Շահազիզի եւ այլ հեղինակներու արխիւները, Նոր Նախիջեւանի հայ գաղութի պատմութեան վերաբերող վաւերագրեր, հնատիպ գիրքեր եւ այլ նիւթեր: Այդպիսվ կոչ եղաւ նաեւ ազգաբնակչութեան, որոնք տան մէջ ունէին արժէքաւոր նիւթեր, բերեն եւ յանձնեն թանգարանին: Այս ամէնուն հիման վրայ՝ մշակութա-պատմական թանգարանին մէջ բացուեցաւ գրական բաժինը: Տարուէ տարի համալրուելով՝ անիկա դարձաւ բաւական մեծ թանգարան, որ այդ ժամանակ կը գործէր ոչ իբրեւ ինքնուրոյն կառոյց: 1934 թուականին՝ Երեւանի երաժշտանոցի շարք մը ֆոնտերու ընդգրկումով՝ կը բացուի Ռոմանոս Մելիքեանի սենեակը: Այդ նոյն ժամանակահատուածին՝ Սարգիս Մելիքսէթեանի ջանքերով՝ կը հիմնուի Երեւանի պատմական թանգարանը` պատմական արխիւներով: Արդէն 1950-ական թուականներուն այս երեք կազմակերպութիւնները՝ Սովետական Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ կը միաւորուի եւ անիկա, իբրեւ անկախ միաւորում, կը կոչուի գրականութեան եւ արուեստի թանգարան: Յետագային, թանգարանին աւելցան նաեւ շարժանկարի արխիւներ:
«Զ.» – Ո՞ր թուականէն սկսեալ է որ թանգարանը կը կրէ Եղիշէ Չարենցի անունը:
Կ. Վ. – Թանգարանը Եղիշէ Չարենցի անունը կը կրէ 1967 թուականէն, երբ ամբողջ Հայաստանը կը նշէր Չարենցի մահուան 70-ամեակը: Շատերը թանգարանը կը շփոթեն Չարենցի անուան տուն թանգարանի հետ: Ըստ էութեան՝ հաշուի կ՝առնուի այն հանգամանքը, որ շուրջ երկու տանսամեակ մերժուած, հալածուած էր. Չարենցի եւ իր սերունդի բոլոր բռնագաղթուածներու հետ կապուած ամէն ինչ կը հաւաքուէր եւ կ՝ոչնչացուէր: Աւելի ազատ օրերուն մարդիկ որոշեցին պահպանել նիւթերը եւ ինչ որ կ՝անցնէր իրենց ձեռքը՝ կոչեցին Չարենցի անունով, ներառեալ նաեւ գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Այստեղէն ալ սկսաւ այդ շփոթութիւնը: Մարդիկ, երբ կը լսեն Չարենցի անուան թանգարան, անմիջապէս կը շտապեն Երեւանի Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող Չարենցի տուն թանգարան: Բայց մենք պարտաւոր ենք հաշուի առնել, որ Եղիշէ Չարենցի ֆոնտը, արխիւը, մեր թանգարանին մէջ պահուող շուրջ 1200 հաւաքածոներէն մէկն է միայն: 60-70% Չարենցին համարժէք մեծութիւններուն կը վերաբերին` գրական ասպարէզի մէջ Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Վահան Տէրեան, երաժշտական ասպարէզի մէջ Կոմիտաս, Տիգրան Չուխաճեան, Արմէն Տիգրանեան եւ այլն: Ահա, այսպէս պաշտօնական յարաբերութիւններու մէջ, մենք բնականաբար կը պահպանենք Չարենցի անունը, իսկ այլ յարաբերութիւններու մէջ, պարզապէս կ՝ըսենք գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, այդ շփոթը գոնէ մասնակիօրէն կանխելու համար:
«Զ.»-Ինչպէս կը ստեղծուի արխիւ մը: Ո՞վքեր եւ ինչպէ՞ս կ՛օգտագործեն արխիւները: Արխիւները թուայնացուա՞ծ են:
Կ. Վ. – Այդ 1200 հեղինակները եւ անոնց ֆոնտերը ձեւաւորուած են մասնաւորապէս նուիրատուութիւններէ, կա՛մ հեռատես գործիչները իրենք յանձնած են իրենց նիւթերը կամ ալ անոնց ժառանգները: Իսկ սովետական տասնամեակներուն նիւթերը ձեռք բերուած են նաեւ գնման տարբերակով: Այդ ժամանակ պետութիւնը ունէր հնարաւորութիւններ եւ այս կարգի հաստատութիւններուն որոշ գումար կը տրամադրէր՝ ֆոնտերը համալրելու նպատակով: Պատկերացուցէք որեւէ հեղինակի մեծ կամ փոքր արխիւները բերին եւ յանձնեցին թանգարանին` այստեղ յանձնաժողովը կը բանայ, խնամքով կը կատարէ հաշուառումը`որմէ բաղկացած, արձանագրութիւն կը կազմուի երեք օրինակէ, որմէ մէկը կը յատկացուի նուիրատուին, եւ կը բացուի տուեալ հեղինակին անունով արխիւ` ենթադրենք Արշակ Չօպանեանի ֆոնտ: Իսկ հիմնական եւ օժանդակ ֆոնտերը կ՝որոշուին ըստ նիւթերու: Եթէ կայ նիւթ որմէ մէկ եւ աւելի օրինակներ կան`ենթադրենք մամուլի կամ գրական հանդէսի որեւէ թիւ, որմէ մենք ստացած ենք երկու կամ աւելի օրինակ, ուստի մէկը կը պահուի հիմնական ֆոնտին մէջ, իսկ միւսները՝ օժանդակ:
Հետազօտողը, եթէ կը ներկայացնէ որեւէ հաստատութիւն` կրթական, գիտական, մշակութային, այնտեղէն գրութիւն մը կը բերէ կամ ինքը անձամբ դիմում կը գրէ, ուր յստակ կ՝երեւի, թէ ինչ հեղինակ կամ ժամանկակաշրջան կը փափաքի ուսումնասիրել: Մենք ընթերցասրահին մէջ պայմաններ կը ստեղծենք` ընդամէնը 10-15 վայրկեանի ընթացքին կը սպասարկենք հետազօտողը: Ընթերցասրահին մէջ աշխատանքը բնականաբար անվճար է, իսկ եթէ հետազօտողը ցանկութիւն ունի որեւէ հեղինակի նկարներու կամ ձեռագրերու որեւէ քանակ ունենալ` ատիկա կ՝ըլլայ թուային տարբերակով, պատճէնահանման տարբերակով կամ լուսանկարի տեսքով, ապա մենք ունինք համապատասխան գնացուցակ, որ փակցուած է ընթերցասրահին մէջ: Նիւթերը թանգարանէն դուրս հանելը արգիլուած է, մենք ունինք բոլոր համապատասխան միջոցները՝ տեղւոյն վրայ նիւթերը պատճէնահանելու համար: Մեր հիմնական գործառոյթներէն մէկն ալ այդ հսկայ հաւաքածոներուն թուայնացումն է, այսինքն scan կ՝ընենք եւ կը պահենք համապատասխան կրիչներու վրայ: Վերջին տարիներուն ծաւալները կրցած ենք հասցնել տարեկան 15 հազար միաւորի, ասիկա յարաբերական է: Կան տասնեակ թանգարաններ, որ այդքան թանգարանային առարկայ չունին: Կը թուի, թէ շատ է, բայց երբ խօսքը 1,5 միլիոն միաւոր նիւթերու մասին է, որ կը պարունակէ մեր թանգարանը, ուրեմն ատիկա կաթիլ է ծովուն մէջ: Եթէ ուսումասիրողը այնպիսի հեղինակ կ՝ուսումնասիրէ, որ մենք արդէն հասցուցած ենք թուայնացնել, այդ պարագային աւելի կը դիւրանայ գործը եւ թուայնացուած նիւթը համապատասխան կրիչով կը տրամադրենք ուսումնասիրողին: Իսկ եթէ նիւթը դեռ թուայնացուած չէ, ընտրուած նիւթը համապատասխան ֆոնտապահը կը թուայնացնէ եւ կրիչով կը տրամադրէ հետազօտողին:
«Զ.» -Իսկ ի՞նչ մասնաճիւղեր ունի թանգարանը: Քանի՞ աշխատող ունիք: Տարեկան որքա՞ն այցելու կ՛ունենաք:
Կ. Վ. – Այժմ թանգարանը ունի վեց մասնաճիւղ: 90-ական թուականներուն անոնք աւելի շատ եղած են, բայց 1996 թուականէն, երբ սկսած է կիրառուիլ «տեղական ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքը, շատ ու շատ պետական հաստատութիւններ՝ յատկապէս մշակութային հաստատութիւնները՝ յանձնուած են համայնքային ենթակայութեան, ներառեալ թանգարանի մասնաճիւղերէն շատերը: Ինչպէս նշեցի, այժմ ունինք վեց մասնաճիւղ, Լոռիի մարզի մէջ՝ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը, Գորիսի մէջ՝ Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը, Աշտարակի մէջ՝ Պերճ Պռոշեանի տուն-թանգարանը նաեւ ակադեմիկոս Գրիգոր Ղափանեանի թանգարանը, որ շուրջ տասը տարի գործած է հայագէտի հայրական տան կից՝ առանձին շէնքի մէջ, բայց յետոյ, դժբախտաբար, տեղափոխուած է Աշտարակի իր անունը կրող դպրոց եւ ունի ընդամէնը մէկ սենեակ: Այդ սենեակին մէջ, նիւթերու կրկնօրինակներն են, սկզբնաղբիւրները ես տեղափոխած եմ մեր թանգարան: Երեւանի մէջ ալ ունինք երկու մասնաճիւղ` Դերենիկ Դէմիրճեանի տուն-թանգարանը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը:
Մեր բոլոր մասնաճիւղերը միասին հաշուած ունինք 90 աշխատող: Մայր մասնաճիւղը տարեկան մօտաւորապէս կ՛ունենայ 1200 այցելու: Այս հաշուառկէն դուրս կը մնայ թանգարանային գիշերներու այցելուները որոնք երբեմն մէկ օրուան ընթացքին հազարաւոր թիւերու կը հասնին:
«Զ.» -Ի՞նչպէս ցուցադրուած են արխիւները: Ո՞վ կը ֆինանասաւորէ թանգարանը: Սփիւթը ինչպէ՞ս առնչուած է ձեր թանգարանին:
Կ. Վ. – Ճիշդ է, հաստատութիւնը կը կոչուի թանգարան, բայց աւելի շատ արխիւային բնոյթ ունի: Ցուցադրման համար յատկացուած են այդ հինգ ցուցասրահները` ընդհանուր մակերեսը 300 քմ. տարածք: Առաջին երկուքին մէջ ներկայացուած է հայ գրականութիւնը, քանի որ ծաւալային առումով գրական ֆոնտերը մեր ունեցածին կէսը կը կազմեն, իսկ միւս ֆոնտերը՝ թատերարուեստ, շարժանկարի-արուեստ, երաժշտաարուեստ: Երրորդին մէջ ներկայացուած է թատերարուեստը, չորրորդին`շարժանկարի-արուեստը, հինգերորդին` երաժշտաարուեստը: Այս ամէնէն զատ, բոլոր հինգ ցուցասրահները յագեցած են ներկայացուած գործիչներուն պատկանող կամ անոնց ստեղծագործութիւնը հանդիսացող կերպարուեստի արժէքներով `կտաւներով, մատիտանկարներով, ծաղրանկարներով, քանդակներով: Սրահներու գունային ձեւաւորումը եւս ինքնանպատակ չէ: Գրականութեան երկու սրահներուն մէջ կ՝իշխէ թանաքագոյնը, իսկ թատրոնի եւ երաժշտաարուեստի սրահներուն մէջ` կարմրաշագանակագոյնը` թատրոններու եւ համերգասրահներու մէջ առաւել ընդունուած գոյները:
Ունինք նաեւ զգայարանական կրպակներ, որոնց շնորհիւ այցելուները կրնան ծանօթանալ այն նիւթերուն, որոնք հնարաւորութիւն չէ եղած ցուցադրելու: Թանգարանը ունի նաեւ բաւական մեծ գրադարան, շուրջ 100 հազար գիրքի եւ մամուլի հաւաքածոյ: Տասնամեակներու ընթացքին թանգարանը հանդէս եկած է տասնեակ արժէքաւոր հրատարակութիւններու նախաձեռնութեամբ: Ցաւօք մենք առանձին գիրք հրատարակելու միջոցներ չունինք, այն ամէնը ինչ ըրած ենք՝ իրականացուած է հովանաւորներու շնորհիւ: Հրատարակած ենք նաեւ պատկերագիրք, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը կոչուի «Պատասխան 100 տարի անց», որ այս տարի արժանացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մրցանկաբաշխութեան գրական մրցանակին:
Մեր թանգարանը բնականաբար կը ֆինանսաւորուի պետութեան կողմէ: Կ’աշխատինք պիւտճէական դրութեամբ, որուն մէկ մասը կ՛ապահովուի այցելուներու մուտքի սակով:
Սփիւռքի դերը անգնահատելի է: Ատենին, որ պետական պիւտճէով շատ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլայինք մեր թանգարանին բովանդակութիւնը գնելու, այժմ օր չ’անցնիր ուր Սփիւռքէն չենք ստանար գիրի եւ գրականութեան նուիրեալներէն մասունք մը, իրեր, պայուսակով լի արխիւ եւայլն: Սփիւռքը մեծապէս առնչուած է մեր թանգարանին, որուն արխիւներուն մէջ պատկառելի թիւ կը կազմէ հոնկէ մեզի հասած մասունքները:
«Զ.» – Պարոն Վարդանեան, շնորհակալութիւն հարցազրոյցին համար: Եւ աւարտին մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Չարենցի Անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան կը գտնուի Երեւանի Արամի փողոց /1 հասցէին վրայ:
Կայքի հասցէն է՝ www.gatmuseum.am
Հեռ. +374 10 56-36-41 / +374 10 52-06-11