Յուլիս 20-ին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի (ԱՀ ՊԲ) ռազմական խորհուրդի հերթական նիստը՝ նուիրուած 2017-ի բանակային ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակի արդիւնքներու ամփոփման:
ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ռազմական խորհրուդի նիստին կը մասնակցէին ՊԲ հրամանատարական կազմը, ծառայութիւններու եւ բաժիններու պետերը, միաւորումներու, զօրամասերու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները, ռազմաիրաւապահ մարմիններու ղեկավարները: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Զինուած ուժերու (Զու) գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Մովսէս Յակոբեան:
Ռազմական խորհուրդի նիստը սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանի ներածական խօսքով, որուն յաջորդեց ՊԲ հրամանատարի տեղակալներու, միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարներու ելոյթներն ու զեկոյցները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անդրադարձաւ իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող ոլորտի ձեռքբերումներուն ու թերացումներուն:
Ռազմական խորհուրդի նիստը իր աւարտին հասաւ բանակի հրամանատարի ամփոփիչ խօսքով: Ան, անդրադառնալով հաշուետու կիսամեակին կատարուած աշխատանքներուն՝ համապատասխան յանձնարականներ ու ցուցմունքներ տուած է երկրորդ կիսամեակի աշխատանքները պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար: Զօրավար Մնացականեան նիստի մասնակիցներուն յիշեցուց անկանխատեսելի հակառակորդ ունենալու հանգամանքը, կոչ ուղղելով՝ ոչ մէկ պարագայի թուլացնելու զգօնութիւնը եւ «վառօդը միշտ չոր պահել»ու: