Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Հայրենական Արտադրանքի Առաջմղումը՝ Հրամայական

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

 

Արմէն Աւագ Աւագեանը՝ զբօսաշրջիկի կարգավիճակով՝ շատ անգամ եղած է Արցախ: Երկրին եւ հնարաւորութիւններուն ծանօթ է: Այս անգամ Արցախ եկած է իբրեւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի տնօրէն` Արցախի տնտեսական կեանքի աշխուժացման նպաստելու առաքելութեամբ: Մանրամասները՝ վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումէն յետոյ՝ քննարկած է Տնտեսութեան նախարարին հետ: Հիմնադրամը կը զբաղի մակնիշներու ձեւաւորմամբ, ճանաչմամբ ու առաջմղմամբ, անոնց համար շուկաներու, գործընկերներու որոնումով: «Այս տարի մասնակցած ենք 4 ցուցահանդէսի եւ շուրջ 7 միլիոն տոլարի պայմանագիր բերած ենք Հայաստան: Դեռ կայ 10 ցուցահանդէս, որոնց պէտք է մասնակցինք: Արցախեան գործարարներն ալ կ’ուզենք խրախուսել, որ իրենք ալ գան, մասնակցին ու այդ պայմանագիրներուն մէկ մասն ալ Արցախ բերեն»,- կը թուարկէ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը:

Ինչ կրնան առաջարկել արցախեան արտադրողները: Ինչ քանակի եւ որակի` Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչները այցելած են քանի մը ձեռնարկութիւն, գնահատած են: «Այցելած ենք քանի մը արտադրողի, քանի մը գործարարի, իրենց հետ խօսած: Հաճելի էր, զարգացում կայ»,- տպաւորութիւնները ի մի կը բերէ Արմէն Աւագ Աւագեանը:

Աւելի բազմամարդ հանդիպում մը կայացած է Արցախի ներդրումային հիմնադրամին հետ: Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի պատուիրակութեան հետ հանդիպման մասնակցած են արտադրութեան ամենատարբեր ճիւղերու ներկայացուցիչներ` գիւղմթերք վերամշակողներէն մինչեւ գորգագործութեամբ զբաղողները: Արցախեան արտադրողներու արտահանման հնարաւորութիւնները ուսումնասիրելու եւ անոնց Հայաստանի զարգացման ծրագրերուն պիտի կապէ Արցախի ներդրումային հիմնադրամը: Երկու հիմնադրամները փոխըմբռնման յուշագիր ունին: «Կարեւոր կը համարենք Արցախի ներդրումային հիմնադրամի եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի համագործակցութիւնը փորձի փոխանակման, տնտեսական զարգացման ծրագիրներ կազմելու եւ իրականացնելու հարցով: Կը կարծեմ, այս հանդիպումները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն»,- ընդգծած է Արցախի ներդրումային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արտակ Միրզոյեան:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին կողմէ արտասահմանի մէջ կը ձեւաւորուի վաճառքային ցանց: Մեծ մասամբ սփիւռքահայերէ բաղկացած 50 հոգինոց կազմը պիտի զբաղի հայրենական արտադրանքի իրացումով: Կը նախատեսուի, որ ծրագիրին աշխոյժ մասնակցին նաեւ արցախեան արտադրողները:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին