Յուլիս 20-ի ՀՀ կառավարութեան նիստին ընթացքին հաստատուած է «Մաքուր Հայաստան» գործողութիւններու ծրագիրը եւ առնուելիք քայլերուն ժամանակացոյցը:
Ըստ Yerkir.am-ի՝ նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան բացատրած է, թէ ինչ կը նշանակէ ծրագիրը իրականացնելու ժամանակ կիրառել կոշտ վարչական կարգադրութիւններ:
«Օրէնքը, որ մենք փոխանցած ենք արդարադատութեան նախարարութիւն, կ՝ընդգրկէ շատ կոշտ կառուցակազմեր: Նուազագոյն տուգանքին չափը 16 հազար դրամ է, խոշոր ձեռնարկութիւններու համար անիկա կը հասնի մինչեւ 200-300 հազար դրամի»,- ըսած է Լոքեան՝ աւելցնելով, որ օրինակ, ծխախոտը գետին նետող քաղաքացին 16 հազար դրամի տուգանքի պիտի ենթարկուի:
Լոքեան նաեւ նշած է, որ այնպէս ինչպէս տուգանք կը վճարեն երթեւեկութեան կանոններու խախտման պարագային, այնպէս ալ պիտի տուգանուին միջավայրը աղտոտելու համար։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ յաջորդ տարի շուրջ 10000 աղբաման պիտի գնուի: