Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

«Լոյս» Հիմնադրամի Շրջանաւարտները Աւելի Արդիւնաւէտ Պետք է Մասնակցին Հայաստանի Զարգացման Գործին. ՀՀ Նախագահ

Հանրապետութեան նախագահ, «Լոյս» հիմնադրամի համահիմնադիր Սերժ Սարգսեան այսօր Նախագահի նստավայրին մէջ ընդունած է հիմնադրամի 2017-2018 ուսումնական տարուան կրթաթոշակառուները: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ «Լոյս»-ի աջակցութեամբ ուսանողներ եւ շրջանաւարտներ:

Հիմնադրամի կրթաթոշակառուները Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած են «Լոյս»-ի «Զարգացնենք Հայաստանը միասին» ծրագրի ծիրէն ներս իրենց իրականացուցած եւ ընթացքի մէջ գտնուող նախագիծերը` աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ ստացած գիտելիքները եւ փորձառութիւնը ի բարօրութիւն Հայաստանի օգտագործելու ուղղութեամբ առաջին ձեռնարկումներն ու յաջողութիւնները:

Նախագահը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ նոր ընդունուած ուսանողներուն յանձնած է «Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակին արժանանալու հաւաստագիրները. 2017-2018 տարեշրջանին կրթաթոշակի արժանացած է աշխարհի լաւագոյն 8 համալսարաններ ընդունուած 60 ուսանող: Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է ուսանողները, մաղթած բարի երթ եւ յաջողութիւններ ուսումնառութեան մէջ։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցանկացած է, որ «Լոյս» հիմնադրամի՝ մագիստրոսի ուսաման ընդունուող տղայ կրթաթոշակառուները ծառայած ըլլան հայկական բանակին մէջ։ «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան ըսած է հիմնադրամի ռազմավարութեան մէջ  փոփոխութիւններու վերաբերեալ՝ երիտասարդներէն մէկուն հարցումին ի պատասխան:

«Մենք ցանկանում ենք, որ հիմնադրամի շահառուները իրենց աւանդը ներդնեն Հայաստանի զարգացման գործին, այսինքն` օտարերկրեայ համալսարաններ աւարտելէ ետք անոնք որոշակի ժամկէտով մնան եւ աշխատին Հայաստանի մէջ: Ես կը համարեմ, որ հիմնադրամը պէտք է համահունչ աշխատի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն: Կ՛իրականացնենք ծրագիր, որուն համաձայն՝ համալսարաններու մէջ ուսանող բոլոր երիտասարդները կամ ընթացքին պէտք է ծառայեն հայկական բանակին մէջ, կամ աւարտելէ ետք որոշակի ժամկէտով պէտք է ծառայեն որպէս սպաներ: Մենք կ՛ուզենք, որ հիմնադրամի շրջանաւարտները աւելի արդիւնաւէտ մասնակցին Հայաստանի զարգացման գործին»,- ըսած է ան:

 2009-էն ի վեր ` «Լոյս» հիմնադրամը աջակցած է աւելի քան 500 ուսանողներու` կրթութիւն ստանալու աշխարհի ամենահեղինակաւոր համալսարաններուն մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին