Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատարը Կոչ Ուղղած Է՝ «Վառօդը Միշտ Չոր Պահել»ու

Յուլիս 20-ին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի (ԱՀ ՊԲ) ռազմական խորհուրդի հերթական նիստը՝ նուիրուած 2017-ի բանակային ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակի արդիւնքներու ամփոփման:

ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ռազմական խորհրուդի նիստին կը մասնակցէին ՊԲ հրամանատարական կազմը, ծառայութիւններու եւ բաժիններու պետերը, միաւորումներու, զօրամասերու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները, ռազմաիրաւապահ մարմիններու ղեկավարները: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Զինուած ուժերու (Զու) գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Մովսէս Յակոբեան:

Ռազմական խորհուրդի նիստը սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանի ներածական խօսքով, որուն յաջորդեց ՊԲ հրամանատարի տեղակալներու, միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարներու ելոյթներն ու զեկոյցները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անդրադարձաւ իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող ոլորտի ձեռքբերումներուն ու թերացումներուն:

Ռազմական խորհուրդի նիստը իր աւարտին հասաւ բանակի հրամանատարի ամփոփիչ խօսքով: Ան, անդրադառնալով հաշուետու կիսամեակին կատարուած աշխատանքներուն՝  համապատասխան յանձնարականներ ու ցուցմունքներ  տուած է երկրորդ կիսամեակի աշխատանքները պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար: Զօրավար Մնացականեան նիստի մասնակիցներուն յիշեցուց անկանխատեսելի հակառակորդ ունենալու հանգամանքը, կոչ ուղղելով՝ ոչ մէկ պարագայի թուլացնելու զգօնութիւնը եւ «վառօդը միշտ չոր պահել»ու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին