Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Անուանի Հայագէտ-Բանասէր Ժիրայր Դանիէլեանին Շնորհուեցաւ ՀՀ ԳԱԱ Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում

    Անուանի հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհուեցաւ ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտորի կոչում՝ հայագիտութեան ասպարէզի մէջ վաստակաշատ գործունէութեան համար: Որոշումը ընդունուած էր ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան Յունիս 21-ի նիստին:

ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտորի կոչումի վկայականը ան վերջերսստացաւ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանատն մէջ ձեռամբը ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:

Վկայականի տուչութեան ներկայ էին Ժիրայր Դանիէլեանի վաստակն ու գործը գնահատող ազգայիններ:
    Ժիրայր Դանիէլեան Լիբանան բնակող սփիւռքահայ հանրաճանաչ եւ հեղինակաւոր հայ մտաւորականներէն է, որուն ամբողջ գործունէութիւնը ի սպաս դրուած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի համար կենսականօրէն անհրաժեշտ հայապահպանութեան ազգաշէն գործին:
    Ժիրայր Դանիէլեանի «Հայ մամուլի հաւաքածոյ», «Ռամկավար ազատական մամուլը», «Հայ նոր պարբերական մամուլը. 1967-1981» աշխատութիւնները նուիրուած են հայ մամուլի բազմածաւալ պատմութեան եւ մատենագիտու­թեան հիմնահարցերուն: «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ արաբական աշխարհի մէջ հայ տպագրութեան պատմութեան ամբողջ փուլ մը:
Ժիրայր Դանիէլեան՝ «Բանասիրական որոնումներ», «Գրական որոնումներ» եւ «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» աշխատութիւններուն մէջ ի յայտ բերած է ազգային գրակա­նութեան զարգացման ընթացքի նրբաճաշակ ըմբռնումներ, գրականութեան մէջ աւանդականի եւ արդիականի ե՛ւ հակասական, ե՛ւ ներդաշնակ դրսեւորումներու անվրէպ բացայայտումներ:
    Ժիրայր Դանիէլեան՝ շուրջ քառորդ դար պաշտօնավարած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայագիտական գրադարանին մէջ:
    Ան, տարբեր տարիներ, դասախօսական աշխատանք կատարած է Հայկազեան համալսարանի հայագի­տական ամպիոնէն ներս, ՀԲԸՄ Հիւսիսային հայագիտական կեդրոնէն ներս, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի եւ կրթական–հայագիտական դասընթաց­ներուն: Եղած է երկարամեայ տնօրէնը ՀԲԸՄ Յոավակիմեան Մանուկեան Վարժարանի: Դանիէլեան երկար տարիներ խմբագրած է «Շիրակ» գրական հանդէսը: Մինչեւ օրս կը խմբագրէ «Կամար» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրը:
    Ժիրայր  Դանիէլեան արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» մետալին, Հայաստանի գրողներու միութեան շքանշանին, Թէքէեան մշակութային միութեան «Ուզունեան» գրական մրցանակին, Լիբանանի կառավարութեան պարգեւին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին