Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Շուշիի Մէջ Կայացած Է «Յակոբ Գիւրջեան» Քանդակի Միջազգային 5-րդ Սիմփոզիումը

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Յուլիս 1-20 Շուշիի մէջ կայացած է «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակի միջազգային 5-րդ սիմփոզիումը:  Սերպիան, Հնդկաստանը, Եգիպտոսը եւ հայկական երկու հանրապետութիւնները ներկայացնող 10 քանդակագործները՝ 20 օր ապրած ու աշխատած են բերդաքաղաք Շուշիի մէջ, շունչ ու հոգի  հաղորդելով արցախեան քարին:  Հերթական հանդիպումը իրականութիւն դարձած է «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»-ի նախագահ Գրիգորի Գաբրիէլեանցի  անմիջական աջակցութեամբ: Ակադեմիկոսը կարեւոր կը համարէ աշխարհի տարբեր երկիրներէն երիտասարդ արուեստագէտները միաւորող մշակութային  ձեռնարկին  գաղափարը:   Աջակցած են նաեւ գործարարներ: Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց,  որոնց ջանքերով ու  սրտացաւ վերաբերմունքին շնորհիւ  կայացաւ 5-րդ սիմփոզիումը:  

Մայեան  երկրորդ  անգամ  ըլլալով կը  մասնակցի   սիմփոզիումին: Կ’ըսէ, որ անիկա իրեն տուած է մեծ ուժ եւ ինքնավստահութիւն, ընդլայնած է ընկերներուն ցանկը: Իսկ ստեղծագործութիւնը անուանակոչուած է «Ոսկէ սկաւառակ»:

Գոռ   Մատոյեանը առաջին անգամն է որ կը մասնակցի սիմփոզիումին: Չի թաքցներ իր հիացմունքն ու յաջորդ տարի  սիրով մասնակցելու ցանկութիւնը: Գործերը նուիրելու փորձ ունի` անոր հեղինակած հարթաքանդակը տեղադրուած է Ստեփանակերտի եկեղեցւոյ բակը:  Իսկ այս սիմփոզիումին ստեղծած քանդակը, որ «Պայքար» կոչած է, պիտի ձգէ Շուշիի մէջ:

Իսկ հնդիկ   քանդակագործ   Գանդա  Գիշորէ  Մոհարանան երկրորդ  անգամ ըլլալով կը  մասնակցի   Շուշիի մէջ կազմակերպուող սիմփոզիումին: Անոր աշխատանքն ալ համաշխարհային թեմայով է՝ խմելու ջուրի սակաւութեան ու զայն պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին: «Շուշիի մէջ  առաջին  անգամ   եղած  եմ    2014  թուականին: Իմ  քանդակը  կը  խորհրդանշէ  ջուրը, քանի  որ  ամբողջ  աշխարհի մէջ     առկայ  է   ջուրի  խնդիրը  եւ անիկա  պահպանութեան  կարիք  ունի:  Իւրաքանչիւր  կաթիլը կը խորհրդանշէ մէկ կեանք: Կը կարծեմ  ջուրի խնդիրը  համաշխարհային հարց է, որուն   պէտք է ուշադրութիւն դարձնել»,- կը մանրամասնէ  Գանդա  Գիշորէ  Մոհարանան:

Սիմփոզիումի  ընթացքին ստեղծուող քանդակները կը նուիրաբերուին Շուշի քաղաքին:  Անոնք կը տեղադրուին նոյն տարածքին մէջ: Իբրեւ արդիւնք՝ ծնած է Շուշիի  Քանդակներու պուրակը, որ տարուէ տարի կ’ընդլայնուի ու կը բարեկարգուի:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին