Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ կը փորձէ շեշտը դնել Հայաստանի մէջ նոր աշխատատեղերու ստեղծման վրայ:
«Ամերիկայի Ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ նման կարծիք յայտնած է Հայաստանի համար վճռական 1990-ականներու երկրորդ կիսուն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Փիթըր Թոմսըն:
«Ի սկզբանէ մենք ուզած ենք Հայաստանին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելէն անցնինք տնտեսական զարգացման ծրագրերու իրականացման, իսկ երրորդ փուլով, երբ օգնութեան կարիքը նուազի, անցնիլ առեւտուրի եւ ներդրումներու, որոնք հայերուն համար աշխատատեղեր պիտի ստեղծեն»,- ըսած է ան:
Դեսպան Թոմսընի խօսքով, այսօր Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները կ’անցնին դէպի երրորդ փուլ, երբ ԱՄՆ-ի օգնութիւնը Հայաստանին կը նուազի, սակայն, փոխարէնը, երկիր կու գան ամերիկեան ներդրումներ, որոնց շնորհիւ Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին նոր արտադրութիւններ: Այս առնչութեամբ՝ ամերիկեան նախկին դիւանագէտը շեշտած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի աշխատանքը, որ վերջերս այցելած էր Քալիֆորնիոյ մէջ գործող առաջադէմ ընկերութիւններ. «Ատիկա փայլուն դիւանագիտութեան օրինակ է. ան կը փորձէ Google-ը, Microsoft-ը եւ այլ հսկաներ Հայաստան բերել, որպէսզի Հայաստանի մէջ պատուիրեն ծրագրային որոշ լուծումներ»:
Տնտեսական հարցերէ բացի՝ Հայաստանի համար անհրաժեշտ է կարգաւորել նաեւ քաղաքական, առաջին հերթին` երկրի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ կապուած խնդիրները, նշած է նախկին դեսպանը:
«Բոլոր նախագահները, իսկ ես լաւ կը ճանչնամ բոլորը, ներառեալ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, շատ լաւ մարդիկ, արդիւնաւէտ առաջնորդներ են: Ես մեծ յարգանք ունիմ Սերժի նկատմամբ: Սակայն, որոշ ժամանակ կու գայ, երբ քանակականէն ցանկալի է անցնիլ որակական փոփոխութիւններու»,- ընդգծած է ան:
Հայաստանի ապագայ բարգաւաճման համար կայ այլ խնդիր` ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարը, որ Դեսպան Թոմսընի համար իրական կը թուի: Թուրքիան, որուն հարաւային սահմաններուն վրայ իրավիճակը կը շարունակէ սրուիլ, հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ սահմաններուն տկարացնելու լարուածութիւնը, ուստի, կրնայ նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, նշած է նախկին դիւանագէտը. «Գերմանացիներն ու ֆրանսացիները 1870-ականներէն մինչեւ Երկրորդ աշխարհամարտ զիրար սպաննած են Էլզաս Լոթարինկիայի համար: Այսօր Հայաստանն ու Ազրպէյճանը նոյն ճանապարհով կ’երթան եւ դեռ յայտնի չէ, արդեօք յաջորդ սերունդը կրկին կը պատերազմի՞, թէ՝ հնարաւոր կ’ըլլայ բանակցութիւններով կարգաւորել հարցը»: