Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Տարօն Մարգարեան Բակօ Սահակեանին Ներկայացուցած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի Միջեւ Ստորագրուած Համաձայնագիրի Կատարման Ընթացքը

Արցախ կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Երեւանի քաղաքապետարանի  յայտնած տեղեկութիւններով՝ առիթը օգտագործելով` Արցախի նախագահը նախ շնորհաւորած է Տարօն Մարգարեանը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով եւ իր գոհունակութիւնը յայտնելով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ հաստատուած փոխգործակցութեան արդիւնքներէն` ընդգծած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը, իրօք, ուրոյն եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի Արցախի կեանքին մէջ, որ առանձնակի կը գնահատուի արցախահայութեան կողմէ: Կարեւոր համարելով նաեւ Արցախի շրջաններուն հետ Երեւանի վարչական շրջաններու սերտ համագործակցութիւնը՝ Բակօ Սահակեան յոյս յայտնած է, որ անոնք եւս պիտի հասնին այն մակարդակին, ինչպէս Երեւանի եւ Ստեփանակերտի փոխգործակցութիւնը:

«Արցախի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման ծրագիրները Ձեր մշտական ուշադրութեան կեդրոնին են, որ իսկապէս գնահատելի է, պարոն քաղաքապետ: Բոլորս կը տեսնենք, թէ որքան սերտ է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի երկուստէք փոխգործակցութիւնը, որուն ծիրէն ներս՝ բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կոչուած են ու կը կոչուին: Լիայոյս եմ, որ նոյն աշխուժութիւնը պիտի փոխանցուի նաեւ Երեւանի վարչական շրջաններու եւ Արցախի շրջաններու միջեւ յարաբերութիւններուն: Համոզուած եղէք, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն Երեւանի հետ սերտ համագործակցութիւնը, ու վստահ եմ, որ Դուք եւ Ձեր խումբը այսուհետեւ եւս, հետեւողականօրէն պիտի շարունակէք ձեր կարեւոր ներդրումը ունենալ Արցախի շարունակական զարգացման եւ հզօրացման գործին մէջ»,- նշած է Բակօ Սահակեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ շնորհաւորանքի համար` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, իր հերթին, շնորհաւորած է Բակօ Սահակեանը Արցախի խորհրդարանին մէջ` մեծամասնութեան քուէարկութեամբ երկրի ղեկավարի բարձր պաշտօնը ստանձնելու առիթով` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ` ի բարօրութիւն Արցախ աշխարհի եւ ի շահ արցախցիներու:

Այնուհետեւ Երեւանի քաղաքապետը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ընդհանուր գիծերով ներկայացուցած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուած ու իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը եւ վստահեցուցած, որ նախանշուած բոլոր ուղղութիւններով յառաջիկային եւս աշխատանքները պիտի ըլլան շարունակական:

«Համոզուած եղէք, պարոն նախագահ, որ մենք իրօք առանձնակի կարեւոր կը համարենք Արցախի հետ կապերու ամրապնդումն ու համագործակցութեան ընդլայնումը, որը ինչպէս եւ նշեցիք, իսկապէս, բաւական արդիւնաւէտ զարգացումներ կ’արձանագրէ: Եւ կը վստահեցնեմ Ձեզ, որ մեր բոլոր ծրագիրները պիտի ըլլան շարունակական, աւելին, մեր առանձնակի ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ համեմատաբար խոշոր ծրագրերու եւ ծաւալային նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչումը, որոնք իրենց հերթին պիտի նպաստեն Արցախի զարգացման»,- ընդգծած է Տարօն Մարգարեան եւ վստահեցուցած է, որ պատասխանատուները նոյն նուիրումով պիտի շարունակեն ընել հնարաւորը` հայկական երկու պետութիւններու զարգացման ու առաջընթացի համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին