ՀՀ կառավարութիւնը այսօրուան նիստին որոշեց ստեղծել միասնական երթուղային ցանց, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Հանրապետութէան բոլոր համայնքները ապահովել փոխադրութեան սպասարկումով:
ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեանի խօսքով` ցանցի ստեղծումը պիտի նպաստէ ուղեւորափոխադրումներու արդիւնաւէտութեան եւ ոլորտի վերահսկողութեան մակարդակի բարձրացման:
Ցանցի ստեղծման նպատակով կը նախատեսուի գնահատել համայնքներու ուղեւորահոսքերու ծաւալները, որոշել ժամային ծանրաբեռնուածութիւնը, կազմել համապատասխան չուացուցակներ եւ ընտրել փոխադրամիջոցները:
Կը նախատեսուի կազմակերպել արդիւնաւէտ ուղեւորափոխադրում գիւղերէն դէպի մարզի կեդրոն կամ մարզի խոշոր քաղաք, այնուհետեւ` դէպի Երեւան:
Նախարարը նշած է, որ երթուղիները սպասարկելու նպատակով յայտարարուելիք մրցոյթներուն հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցիլ նաեւ միջազգային գործարկուներ: