Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

«Կը Գնեմ. Քոնիաքի, Թէքիլայի, Ուիսքիի Շիշեր»

Երեւանի փողոցներուն վրայ սովորական բան է տեսնել անհատական ծանուցումներ գործի, արտադրութեան, բնակարանի կամ ծառայութեան մը առաջարկի կամ կարիքի:

Անշուշտ գովազդի նմանօրինակ թուղթեր յատուկ տեղեր միայն փակցուած կ’ըլլան եւ եթէ մէկդի դնենք անոնց էսթէթիքային քննարկելի տեսքը, կրնամ ըսել որ ժողովրդային պիտանի եւ նպատակայարմար ձեւ մըն է յարմարագոյն պայմաններով գործ, արտադրութիւն, ծառայութիւն, եւ այլն գտնելու կամ առաջարկելու: Բան մը որ կրնայ ժողովրդային մակարդակի հաւասարակշռել երկրի մը տնտեսութեան առաջարկի ու կարիքի (supply and demand) խնդիրները:

Այս գովազդներուն գործնական երեսներէն մէկն ալ այն է, որ գովազդի թղթիկը, ըստ երեւոյթին, կը պատրաստուի այնպիսի կերպով, որ դիւրին ըլլայ անոր վրայէն անջատել հեռաձայնի թիւը եւ պահելով զայն՝ յետագային կարելի ըլլայ կապուիլ ծանուցող անձին հետ:

Երեւանի գեղեցիկ փողոցները քալելու սովորութեանս ընթացքին շատ կը հանդիպիմ նմանօրինակ գովազդներու, որոնցմէ մէկէն ալ նոյնիսկ օգտուեցայ պիտանի արտադրութիւն մը գնելու, սակայն հատ մը կար որ ուշադրութիւնս աւելի քան գրաւեց.

Անձ մը ըստ գովազդին կ’առաջարկէ քոնիաքի, թէքիլայի եւ ուիսքիի (ըստ երեւոյթին պարապ) շիշեր գնել…

Հետաքրքրական է ինչո՞ւ այս սահմանափակումը եթէ առեւտուրին նպատակը պարզապէս ապակեայ շիշեր են…:

Առանց յաւելեալ մեկնաբանութեան ինծի կը մնայ զայն յանձնել Երեւանի ոստիկանութեան ազնիւ ուշադրութեան թէ մեր մարդը քոնիաքի, թէքիլայի եւ ուիսքիի (պարապ) շիշերը գնելէն ետք ինչի՞ կը գործածէ զանոնք…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին