Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Խաչմաչ Գիւղին Մէջ Տարուէ Տարի Ծնելիութեան Աճ Արձանագրուած է. Համայնքի Ղեկավար

Ասկերանի շրջանի Խաչմաչ գիւղին մէջ տարուէ տարի կը բարելաւուի մարդոց կեանքի պայմանները, որ կը նպաստէ երեխաներու ծնելիութեան աճին:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Խաչմաչի համայնքի ղեկավար Ռաֆայէլ Գրիգորեանը եւ աւելցուցած, որ գիւղին մէջ կը գործէ միջնակարգ դպրոց, ուր կը յաճախէ 38 աշակերտ, իսկ նախադպրոցական խումբի 29 երեխաները կը յաճախեն դպրոց` մանկապարտէզի շէնք չունենալուն պատճառով. կրթօճախը ապահովուած է մասնագէտներով:

«Համայնքի բնակչութեան 80%-ը զբաղում ունի: Բնակչութիւնը, մասնաւորապէս, կը զբաղի անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ, մէկ մասն ալ կը ծառայէ Արցախի զինուած ուժերուն: Գիւղը ունի 60 խոշոր եւ 48 մանր եղջերաւոր անասուն: Ունինք 240 հա գիւղամերձ վարելահող: Բնակչութիւնը կատարած է 32 հատ աշնանացան եւ 161 հա գարնանացան աշխատանք,- ըսած է Ռ. Գրիգորեանը եւ աւելցուցած,- 2005 թուականին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ ԱՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորումով գիւղին մէջ կառուցուած է յարմարաւէտ շինութիւն մը, ուր տեղայնացուած են համայնքի կեդրոնը, մշակոյթի տունը, բուժկէտը, գրադարանը: Գիւղին մէջ կը գործէ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որ 2003 թուականին վերակառուցուած է բարերար Սէյրան Կարապետեանի անմիջական հովանաւորութեամբ: Ունինք նաեւ նոր խաղահրապարակ, ուր գիւղի երեխաները հնարաւորութիւն կ՝ունենան իրենց հանգիստը անցնելու»:

Համայնքի ղեկավարին խօսքով` գիւղը ապահովուած է կազով եւ մշտական ջուրով. բնակչութեան հասանելի է համացանցը:

«Ռուսաստանաբնակ մեր հայրենակիցներու միջոցներով 2012 թուականին ստեղծուած «Խաչմաչ» հիմնադրամը գիւղին համար ունի մեծ նշանակութիւն: Համայնքի ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքներուն մէկ մասը կ՝իրականացուի հիմնադրամին միջոցներով»,- տեղեկացուցած է համայնքի ղեկավարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին