Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

2017-ի Առաջին Կիսամեակին Արցախ Այցելած Օտար Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է 46%-ով

2017 թուականի առաջին կիսամեակին Արցախի զբօսաշրջութեան բնագաւառը աճած է բոլոր ուղղութիւններով:

2017-ի Յունուար–Յունիս ամիսներուն Արցախի մէջ արձանագրուած է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու քանակի 46 % աճ` 2016-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, իսկ 2015-ի համեմատ աճը կազմած է 26%, կը յայտնէ Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը:

Այցելութիւններու քանակը աւելցած է նաեւ հիմնական զբօսաշրջավայրերու մէջ. օրինակ` Տիգրանակերտի պետական արգելոց այցելած է աւելի քան 5000 զբօսաշրջիկ, որ 62 տոկոսով աւելին է 2015 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ:

Հաշուարկային գնահատականներով` զբօսաշրջութենէն ստացուած եկամուտները կազմած են 1.7 միլիառ ՀՀ դրամ (աճը կազմած է 35 տոկոս` 2015-ի համեմատ):

Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին զբօսաշրջութեան բնագաւառի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու համար, բացի պետական պիւտճէի միջոցներէն, ներգրաւուած է նաեւ 25 միլիոն ՀՀ դրամ ներդրումներ միջազգային նուիրատուներու կողմէ:

Աւելի առաջ յայտնի դարձաւ, որ 2017-ի Ապրիլ ամսուն, նախորդ տարուան Ապրիլի համեմատ արձանագրուած է զբօսաշրջութեան 42% աճ, իսկ Մայիս ամսուն, նախորդ տարուան նոյն ամսուան համեմատ` 222% աճ:

2015-ին Արցախ է այցելած 16.500 օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ, հիմնականօրէն Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպական շարք մը երկիրներէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին