20 Յուլիս 2017
Բակօ Սահակեան
Վսեմաշուք Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան
Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս ուրախութեամբ իմացաւ ազատ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Ձեր վերընտրութեան բարեբաստիկ լուրը:
Որպէս Ռամկավար Ազատականներ մենք կը հաւատանք, որ Արցախի նախագահական ընտրութիւնը առաջին քայլն է պետական իշխանութեան ժողովրդավար չափանիշներու ձեւաւորման երկար գործընթացին ճանապարհին վրայ:
Արցախի Հանրապետութիւնը առաջին անգամը չէ, որ աշխարհին ցոյց կու տայ ժողովրդավարական սկզբունքերու հանդէպ իր ունեցած յարգանքը, որ այս անգամ դրսեւորուեցաւ Ձեր արժանաւոր անձին վերընտրութեամբ՝ հիմնուելով Արցախի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան վրայ, որ Արցախի ժողովուրդը ինքը որոշած էր Փետրուարին իրագործուած հանրաքուէով:
Մեզի համար ուրախութիւն եւ նաեւ հպարտութիւն է Ձեր անձին վերահաստատումը Արցախի Հանրապետութեան եւ նաեւ անշուշտ համայն Հայութեան համար կենսական այդ պաշտօնին վրայ, որ Դուք անցեալի Ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին լաւագոյնս արժէւորեցիք:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով կը շնորհաւորենք Ձեզ:
Այս առիթով Յաջողութիւն եւ Արեւշատութիւն կը մաղթենք Ձեզի: Ազատ Արցախի Հանրապետութեան ալ Յաւերժութիւն:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ