Ասկերանի շրջանի Խաչմաչ գիւղին մէջ տարուէ տարի կը բարելաւուի մարդոց կեանքի պայմանները, որ կը նպաստէ երեխաներու ծնելիութեան աճին:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Խաչմաչի համայնքի ղեկավար Ռաֆայէլ Գրիգորեանը եւ աւելցուցած, որ գիւղին մէջ կը գործէ միջնակարգ դպրոց, ուր կը յաճախէ 38 աշակերտ, իսկ նախադպրոցական խումբի 29 երեխաները կը յաճախեն դպրոց` մանկապարտէզի շէնք չունենալուն պատճառով. կրթօճախը ապահովուած է մասնագէտներով:
«Համայնքի բնակչութեան 80%-ը զբաղում ունի: Բնակչութիւնը, մասնաւորապէս, կը զբաղի անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ, մէկ մասն ալ կը ծառայէ Արցախի զինուած ուժերուն: Գիւղը ունի 60 խոշոր եւ 48 մանր եղջերաւոր անասուն: Ունինք 240 հա գիւղամերձ վարելահող: Բնակչութիւնը կատարած է 32 հատ աշնանացան եւ 161 հա գարնանացան աշխատանք,- ըսած է Ռ. Գրիգորեանը եւ աւելցուցած,- 2005 թուականին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ ԱՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորումով գիւղին մէջ կառուցուած է յարմարաւէտ շինութիւն մը, ուր տեղայնացուած են համայնքի կեդրոնը, մշակոյթի տունը, բուժկէտը, գրադարանը: Գիւղին մէջ կը գործէ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որ 2003 թուականին վերակառուցուած է բարերար Սէյրան Կարապետեանի անմիջական հովանաւորութեամբ: Ունինք նաեւ նոր խաղահրապարակ, ուր գիւղի երեխաները հնարաւորութիւն կ՝ունենան իրենց հանգիստը անցնելու»:
Համայնքի ղեկավարին խօսքով` գիւղը ապահովուած է կազով եւ մշտական ջուրով. բնակչութեան հասանելի է համացանցը:
«Ռուսաստանաբնակ մեր հայրենակիցներու միջոցներով 2012 թուականին ստեղծուած «Խաչմաչ» հիմնադրամը գիւղին համար ունի մեծ նշանակութիւն: Համայնքի ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքներուն մէկ մասը կ՝իրականացուի հիմնադրամին միջոցներով»,- տեղեկացուցած է համայնքի ղեկավարը: