Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Մեսրոպեանը Բ. Դիքը Գրաւեց HANDS-ON-STEM Գիտական Մրցոյթին

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խումբը Բ. դիրքը գրաւեց գիտական աշխատանքի մրցոյթին, որ կայացաւ Hands-on STEM ծրագրի ծիրէն ներս: Մրցոյթի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացած էին անցած տարեշրջանի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան, հսկողութեամբ գիտութեան ուսուցիչ պարոն Գրիգոր էքմէքճեանի:

Մրցոյթին արդիւնքները ամփոփուեցան 6 Յուլիսին, լիբանանեան համալսարանի Գիտութեանց կաճառին մէջ, Ֆանար: Կը մասնակցէին լիբանանեան 8 դպրոցներ: Մեսրոպեանի աշակերտները ներկայացուցած էին տարեց մարդոց համար դեղերու հայթայթման արագ եւ դիւրին համակարգ մը՝ շարժական դեղարան, որ շատ չնչին տարբերութեամբ զիջեցաւ առաջին դիրքը գրաւած աշխատանքին: Մրցոյթ-ցուցահանդէսին ներկայ էր Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհաւորեց աշակերտները եւ յորդորեց անոնց շարունակել աշխատիլ այս յոյժ կարեւոր ծրագրի զարգացման ուղղութեամբ:

Hands-on STEM-ը  գիտա-կրթական կազմակերպութիւն է, որուն հետ Մեսրոպեան վարժարանը անցեալ տարեշրջանին հաստատեց գործընկերութիւն: Կազմակերպութիւնը կը միտի զարգացնել լիբանանցի աշակերտներուն գիտելիքները՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան մարզերուն մէջ: Ծրագիրը Լիբանանի մէջ կը գործադրուի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Անոր նպատակն է լիբանանեան դպրոցներուն մէջ յառաջացնել STEM (Science, Technology, Engineering, and Mathematics) ակումբներ եւ այդպիսով նպաստել աշակերտներու զարգացումին:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին